Լրացաւ «Հայրենիք» ակումբի գործունէութեան 5ամեակը: Անիկա 1930ականներու Ցեղակրօն ուխտերու եւ 1990ականներու «Ազգայնական» ակումբի գաղափարական ժառանգորդն է: Ակումբը կ՛առաջնորդուի ազգայնական գաղափարներու քարոզչութեան հրատապութեամբ եւ կարեւորութեամբ: Ակումբը անցած կարճ ժամանակահատուածին հրատարակած է Ցեղակրօնութեան ու Տարօնականութեան հիմնադիրներ Գ. Նժդեհի եւ Հ. Ասատրեանի նորայայտ երկերը, հայ քաղաքական միտքի անուանի ներկայացուցիչներ Նիկողայոս Ադոնցի, Շահան Նաթալիի, Յովհաննէս Քաջազնունիի, Լեւոն Շանթի, Զարեւանդի, Օննիկ Զարմունիի, Արմենակ Բարսեղեանի աշխատութիւնները, հայոց ռազմական յաղթանակներու փառաւոր էջերու, ազգային գաղափարախօսութեան, դիցաբանութեան, մշակոյթի, ազգային-պետական գործիչներու, այլադաւան հայերու, համաշխարհայնացող աշխարհի վերլուծութեան նուիրուած աշխատութիւններ: Անոնք նախատեսուած են Հայրենատիրութիւնը որպէս կեանքի ուղենիշ որդեգրած առաջնորդապաշտ հայորդիներու, մեր պետականութեան հզօրացման ծառայող, պատմութեան հերոսականութեամբ հպարտացող, ազգային արժեհամակարգին գաղափարապէս հաւատարմօրէն ապաւինած տիրապաշտ հայ երիտասարդութեան համար: « Հայրենիք» ակումբը հրատարակած է 42 միաւոր գիրք, որոնցմէ «Հայրենիք» մատենաշարով՝ 29, աւելի քան 4500 էջ ծաւալով, շուրջ 15.000 տպաքանակով: Ակումբի հրատարակութիւններուն կարելի է ծանօթանալ www.mayrhayastan.am կայքին միջոցաւ: «Հայրենիք» ակումբը ազգային-հայրենատիրական հարցերու շուրջ պատրաստակամ է համագործակցելու ՀՀի, ԼՂՀի, Ջաւախքի եւ Սփիւռքի գործող բոլոր ազգային-հասարակական կառոյցներուն եւ անհատներուն հետ: Հետաքրքրուողները կրնան դիմել հետեւեալ հասցէին՝
avag.harutyunyan@yandex.ru, (+37491-599754).
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.