ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի գրասենեակէն աղբիւր մը «Հայաթ» թերթին յայտնած է, որ ջանք կը թափուի Ռուհանիի համար դէպի Սէուտական Արաբիա այցելութիւն մը դասաւորելու, սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ այդ այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ռուհանիի՝ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէն ե՞տք, թէ անկէ առաջ:
Ռուհանի իր նախագահի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Օգոստոս 3ին:
Աղբիւրը կ՛ընդգծէ, որ Սէուտական Արաբիա այցելութեան ջանքերը կ՛իյնան Իրան-արաբական երկիրներ եւ մասնաւորաբար՝ Իրանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու ծիրին մէջ:
Ռուհանի ջանք պիտի թափէ ասիական երկիրներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու եւ Իրանի դէմ հաստատուած արեւմտեան պատժամիջոցներուն պատճառով տնտեսական մարզին մէջ ստեղծուած բացը վերացնել համար:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Յուլիս 11ին յայտարարեց, որ ինք Սէուտական Արաբիա այցելելու Ռուհանիի ծրագիրէն տեղեակ չէ եւ թէ այդ մասին տեղեկացած է լրատուամիջոցներէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.