
Սեպտեմբեր 21 եւ 22ին Հայոց եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ Քէօլն քաղաքին մէջ պիտի կայանայ «2015 եւ Մենք» խորագիրով հայ երիտասարդական համագումարը: Համագումարին պիտի մասնակցին Գերմանիա ապրող 18էն 30 տարեկան հայ երիտասարդներ:
Համագումարի նիւթն է՝ «Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ վերաբերումը Գերմանիոյ մէջ»: Երիտասարդները հրաւիրուած են իրենց գաղափարներով ու միտքերով աջակցելու Համագումարի աշխատանքներուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ձեռ-նարկներու նախապատրաստութեան նպատակով:
Համագումարին ընթացքին տեղի պիտի ունենան նիւթին առնչուած բանախօսութիւններ, որոնց շուրջ աշխատանքային խումբերուն մէջ տեղի պիտի ունենան քննարկումներ:
Համագումարի կազմակերպման իրենց աջակցութիւն կը բերեն Գերման-Հայկական ընկերակցութիւնը եւ ՀայFM համացանցային երիտասարդական Ռատիոյի աշխատակազմը:
Առաջնորդարանէն բացի, համագումարին իրենց նիւթական աջակցութիւնը կը բերեն նաեւ Քէօլնի քաղաքապետարանը, Քէօլնի Հիթլերեան ժամանակաշրջանը ուսումնասիրող Փաստա-վաւերագրական կենդրոնը: