ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Կիրակի, Յուլիս 21ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն կատարուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վաստակաշատ ու նուիրեալ միաբաններէն՝ նորոգ հանգուցեալ հոգելոյս Արտաւազդ արք. Թրթռեանի հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի արարողութեանց, ուր յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ նաեւ հոգելոյս Սմբատ արք. Լափաճեանի յիշատակին՝ վախճանման Գ. տարելիցին առթիւ։
Պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։
Պատարագի ընթացքին սրբազանը օրուան խորհուրդը ներկայացնող պատգամ մը փոխանցեց հաւատացեալներուն՝ անդրադառնալով «Սրբոց որդւոց եւ թոռանց, Ս. Գրիգորի Լուսաւորչին մերոյ, Արիստակէսի, Վրթանէսի եւ Յուսիկի, Գրիգորիսի եւ Դանիէլի» ինքնուրաց եւ զոհաբեր կեանքերուն։ Ան խօսեցաւ նաեւ երկու վախճանեալ սրբազան հայրերուն կեանքին մասին։
Հոգելոյս Արտաւազդ սրբազանը, որպէս օրինակելի եւ տիպար հոգեւորական, ունեցած է աւելի քան 60 տարիներու հարուստ վաստակ մը, եղած է մտաւորական, բանասէր եւ մանաւանդ՝ Դպրեվանքի բազմամեայ տեսուչ ու բազմավաստակ դաստիարակ։ Առաջնորդը նաեւ անդրադարձաւ հոգելոյս Սմբատ սրբազանի վաստակին ու թեմէն ներս ծառայութեան՝ իբրեւ թեմի առաջին առաջնորդ՝ վեր առնելով աւելի քան հինգ տասնամեակներու անոր ծառայութիւնը թեմին մէջ եւ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի յարկին տակ։
Յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր եւ մասնակցութեամբ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի։
Արարողութենէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակը, հոգելոյս Սմբատ սրբազանի շիրիմին մօտ, ուր կատարուեցաւ յիշատակի աղօթք եւ գերեզմանի օրհնութիւն՝ ներկայութեամբ գաղութի հաւատացեալներու։ Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա»ի խմբերգումով։ Ապա, ներկաները ուղղուեցան «Թումանեան» սրահ, ուր հիւրասիրուեցան սուրճով եւ խմորեղէնով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.