ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Սիւնիքի մարզի թիւ 38 ընտրատարածքին մէջ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը պիտի առաջադրէ պատգամաւորական իր թեկնածուն: Ներկայ դրութեամբ շրջանառութեան մէջ են կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի եւ Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Զարուհի Փոստանջեանի անունները:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեաա «Նիուզ»ի թղ-թակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց, որ այս հարցերուն շուրջ յստակ պատասխան չի կրնար տալ, քանի որ կուսակցութիւնը տակաւին քննարկում չէ կատարած։ «Այսօր կամ վաղը այդ հարցերը քննարկման կը դրուեն: Երբ կը քննարկուի այդ հարցը վարչութեան նիստում, ես այդ ժամանակ աւելի յստակ կը պատասխանեմ», յայտնեց Արմէն Մարտիրոսեանը:
Յիշեցնենք, որ թիւ 38 ընտրատարածքին մէջ Ազգային ժողովի պատգամաւորի աթոռը թափուր մնաց, երբ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի հրաժարականէն ետք Սիւնիքի նոր մարզպետ նշանակուեցաւ թիւ 38 ընտրատարածքէն պատգամաւոր ընտրուած Վահէ Յակոբեանը:
Խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան Սեպտեմբեր 29ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.