ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մեկնարկեց «Արի տուն» երիտասարդական ծրագիրի հինգերորդ հանգրուանը, որ Հայաստանի մէջ կը համախմբէ 15 երկիրներու 170 մասնակիցներ: Բացման արարողութեան ներկայ եղած է սփիւռքի նախարարի տեղակալ Վահէ Ջիլաւեանը, որ ողջունելով ներկաները՝ շնորհակալութիւն յայտնած է ծրագիրի բոլոր մասնակիցներուն, անոնց ծնողներուն ու ծրագիրի կայացման գծով իրենց նպաստը ունեցողներուն: Վահէ Ջիլաւեանը նշեց, որ այս տարի մասնակիցներուն համար կազմակերպուած է նաեւ հայոց լեզուի արագացուած դասընթացքներ. անոնք նաեւ պիտի այցելեն տարբեր թանգարաններ, յուշահամալիրներ, որպէսզի ծրագիրի աւարտին իրենք հայրենիքը լաւապէս ճանչցած վերադառնան իրենց երկիրները։
Հիւրընկալ ընտանիքներուն մասին խօսելով՝ սփիւռքի նախարարի տեղակալը յայտնած է, որ ընտանիքները բաւական հետաքրքրուած են ծրագիրով: «Հիւրընկալ ընտանիքներն իրենք են ցանկութիւն յայտնում երեխաներին իրենց ընտանիքներ ներգրաւելու համար: Դա լաւ է եւ իրենց երեխաների համար, ովքեր նոր ծանօթութիւններ են ձեռք բերում, եւ բարի գործ են կատարում՝ հիւրընկալելով սփիւռքահայ երեխաներին», յայտնած է ան։
Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիդուս Զաքարեան «Արի տուն» ծրագիրի 5րդ հանգրուանի ամէնէն կրտսեր մասնակիցներուն՝ ուքրանահայ Լեւոն Փոթոյեանին եւ գերմանահայ Անի Մինասեանին նուիրեց «Արի տուն» ծրագիրի շապիկները: Երեխաները իրենց խօսքին մէջ նշեցին, որ շատ ուրախ են Հայաստան գտնուելնուն եւ ծրագիրին մասնակցելնուն համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.