
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Ի յիշատակ քոյր եւ եղբայր Տիգրանուհի Պոտոսեանի ու Յակոբ Նազարեանի, որոնք մահացած են յաջորդաբար 2008ին ու 2010ին, Տիգրանուհի Պոտոսեանի ամուսինը՝ Ղազարոս Պոտոսեան, 150,000 տոլար նուիրատուութիւն մը կատարած է ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանին, Պոտոսեան եւ Նազարեան ընտանիքներուն անունով:
Այս առատաձեռն նուիրատուութեան փոխարէն, վարժարանը որոշած է համակարգիչներու սրահը կոչել Տիգրանուհի Պոտոսեանի անունով, իսկ բնագիտութեան տարրալուծարանը՝ Յակոբ Նազարեանի անունով:
Տիգրանուհի Պոտոսեանն ու Յակոբ Նազարեանը զաւակներն էին Երուսաղէմի ՀԲԸՄի երկարամեայ անդամներ Արթին եւ Մարիցա Նազարեաններուն: