
Սիրելի ընկերներ,
Բոլորս այսօր ականատես ենք Սուրիոյ ներքին քաղաքացիական անկայուն կարգավիճակին, որուն, դժբախտաբար, զոհ դարձած է նաեւ հայ գաղութը:
Երկու տարիէ ի վեր սուրիահայ գաղութը կը տառապի անապահովութեան եւ անվտանգութեան պայքարէն: Կեանքի կենսական եւ անհրաժեշտ պիտոյքները անհասանելի են եւ դժուարամատոյց դարձած են ընտանիքներու ապրուստին համար: Շատ մը հայ ընտանիքներ կորսնցուցած են իրենց բնակարաններն ու ապրուստի միջոցները, իսկ անոնցմէ բախտաւորները, ապաստան գնտելով իրենց ազգականներուն եւ բարեկամներուն մօտ՝ փրկուած են ստոյգ կորուստէ, սակայն ոչ բոլորը ունեցած են այդ բախտաւորութիւնը:
Հալէպի մէջ տակաւին ունինք հայ ընտանիքներ, որոնք օրուան հացին կարօտ են եւ պատրաստակամ՝ որեւէ աշխատանքի, իրենց ընտանիքներուն եւ զաւակներուն սննդեղէնի ապահովման համար: Ճարահատ հայորդիներ պատրաստ են նոյնիսկ դրժելու իրենց հայրենական ուխտը ու դիմելու արտագաղթի՝ իրենց ընտանիքին ապրուստն ու ապահովութիւնը գերադասելով բոլոր զգացումներէ վեր:
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր պաշտօնաթերթ «Նոր Օր»ի միջոցաւ կոչ կ՛ուղղէ բոլոր սուրիահայ ՌԱԿի շրջանակի անդամներուն, նոյնպէս Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ հարեւան բոլոր երկիրներու ՌԱԿի անդամակցութեանց, որպէսզի այս դժուարին օրերուն, իրենց կարելիութեան բոլոր սահմաններուն մէջ օգտակար հանդիսանան պատահարներէ տուժած մեր ընկերներուն մասնաւորապէս, եւ համայն հայ գաղութին՝ ընդհանրապէս, առանց որեւէ տատամսումի, անոնց ապրուստի անհրաժեշտ կարիքներով եւ աշխատանքներով:
Ընկերական ողջոյններով՝
Շնորհակալութիւն
ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
«Նոր Օր» Շաբաթերթ