ՕՔԼԸՆՏ.- Օքլընտի ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի անցած տարեշրջանի շրջանաւարտից արարողութիւնը եւ աւարտական հանդէսը տեղի ունեցաւ Մայիս 17ին:
35 աշակերտներ ու 7 ուսուցիչներ ունեցող վարժարանէն այս տարի շրանաւարտ եղան 5 աշակերտներ՝ Արմանտ Յակոբեան, Վերոնիքա Մաթոսեան, Ալեքս Քոլելօ, Սոֆիա Քոլելօ եւ Էմըլի Կելերեան:
Աւարտական հանդէսը առիթ մը եղաւ ի մի բերելու վարժարանի տնօէնուհին՝ Նորա Շիրիքեանը, փոխտնօրէնուհին՝ Նելլի Ազիզեանը, աշակերտներն ու ծնողները, որպէսզի տօնեն տարեշրջանին ընթացքին ապահովուած իրագործումները:
Հանդէսին ներկայ էր նաեւ Օքլընտի Ս. Վարդան Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Յովէլ քհնյ. Օ-հանեանը:
2012-2013 տարեշրջանը նաեւ յատկանշական էր այն իրողութեամբ, որ ան Օքլընտի ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ վարժարանի հիմնադրութեան 20ամեակին կը զուգադիպէր:
Աւարտական հանդէսին մասնակիցները ներկայացուցին արտասանութիւններ, երգեր ու թատերական գործեր, ինչպէս նաեւ երգեցին վարժարանին նոր քայլերգը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.