ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան վերադարձուցած է Վարչական իրաւախախտումներու մասին օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ նախատեսող, մասնաւորապէս՝ ոչ աւանդական սեռային յարաբերութիւններու քարոզչութիւնը արգիլող օրինագիծը։ Այս մասին յայտնած են գերատեսչութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Օրինագիծին բովանդակութիւնը նախապէս տեղադրուած էր Հայաստանի ոստիկանութեան կայքի «Օրէնսդրութիւն» խորագիրի «Հանրային քննարկումներ» եւ «Նախագծեր» ենթաբաժիններուն մէջ:
«Օրէնքի նախագիծը մշակուել է Հայաստանի ոստիկանութեան իրաւաբանական վարչութեան կողմից՝ հիմք ընդունելով մի քանի տասնեակ մտաւորականների դիմում-բողոքները», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Մամլոյ ծառայութեան համաձայն, «ոստիկանութեան պետ Վլադիմիր Գասպարեանը, նկատի ունենալով օրինագծի՝ քննարկումների ընթացքում ի յայտ եկած թերութիւններն ու բացթողումները, ինչպէս եւ նշելով, որ այդ խնդիրն այսօր ոստիկանութեան առաջնահերթութիւններից չէ, օրինագիծը ետ է ուղարկել»:
Փաստաթուղթին համաձայն, քաղաքացիներուն հաշուոյն տուգանք կը ճշդուի սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի յիսնապատիկէն մինչեւ հարիւրապատիկի չափով, պաշտօնատար անձերու՝ սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն մինչեւ հարիւրյիսնապատիկի չափով եւ իրաւաբանական անձի պաշտօնատար անձերուն հաշուոյն՝ սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի երկուհարիւրապատիկէն մինչեւ երկուհարիւրյիսնապատիկի չափով:
Ոստիկանութեան կողմէ առաջարկուող միւս կէտով ոչ աւանդական սեռային յարաբերութիւններու վերաբերեալ քարոզչութիւնը, որ կատարուած է զանգուածային լրատուական միջոցներու օգտագործումով, կը ճշդէ տուգանքի նշանակում քաղաքացիներուն հաշուոյն՝ սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն մինչեւ հարիւրյիսնապատիկի չափով, պաշտօնատար անձերու հաշուոյն՝ սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրյիսնապատիկէն մինչեւ երկուհարիւրապատիկի չափով եւ իրաւաբանական անձի պաշտօնատար անձերու հաշուոյն՝ սահմանուած նուազագոյն աշխատավարձի 250ապատիկէն մինչեւ 350ապատիկի չափով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.