ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը հետապնդէ «Ի–Պէյ» աճուրդային ընկերութեան ճամբով վաճառքի հանուած Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ վերագրուող խաչին հարցը։ Այս մասին յայտնած են Մայր Աթոռի լրատուական բաժինէն՝ տեղեկացնելով, որ աշխատանք կը կատարուի ճշդելու խաչին իսկութիւնը եւ աճուրդի հանուելու մանրամասնութիւնները:
«Ի–Պէյ» առցանց աճուրդի կայքը յայտնած է Մշոյ Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ վերագրուող խաչին մասին: Անիկա գնահատուած է 70 հազար տոլար: Վաճառողներուն կողմէ անիկա բնութագրուած է որպէս հայկական խաչի հազուագիւտ նմոյշ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.