ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Օգոստոս 22ին յայտնած է, որ Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութիւնը Եգիպտոսի իրավիճակի ապակայունացումէն առաջ խորհրդակցութիւններ ունեցած է իշխանութենէն հեռացուած նախագահ Մուհամմատ Մուրսիի հետ, որովհետեւ Անգարան այդ շրջանին Եգիպտոսի մէջ ծաւալած իրադարձութիւնները «ծայրայեղօրէն ծանր» կը նկատէր:
Նախարարը նշած է, որ «նման դիւանագիտութիւն» Մուրսիի հետ կը տարուի մինչեւ օրս, որովհետեւ Թուրքիա կը մերժէ զինուորական յեղաշրջումով իշխանութեան գլուխ անցած կառավարութեանց հետ բանակցիլ:
Միւս կողմէ, «Զաման» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Սալիհ Քափուսուզ գրած է, թէ Ուաշինկթըն իբրեւ Իսրայէլի «պաշտպան փաստաբանը» վարուած է՝ դատապարտելով Իսրայէլի հասցէին Էրտողանի յայտարարութիւնը:
«Մինչեւ հիմա Եգիպտոսի յեղաշրջումը չդատապարտած Միացեալ Նահանգներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը մեզի համար անիմաստ է», աւելցուցած է ան:
Յիշեցնենք, որ Էրտողան պնդած էր, թէ Իսրայէլ դեր ունի Մուրսիի իշխանութեան տապալման մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.