
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Աբխազիոյ նախագահ Ալեքսանտր Անքուապ Կիրակի, Օգոստոս 25ին հանդիպում մը ունեցած են Աբխազիոյ մէջ, որմէ անմիջապէս ետք Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոքագիր մը յղած է Ռուսիոյ՝ անընդունելի նկատելով Փութինի Աբխազիա այցելութիւնը:
Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մայա Փանճիկիձէ այդ այցելութիւնը «հերթական սադրանք» որակած է ու դատապարտած Վրաստանի «տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան խախտումը»:
Բողոքագիրը Ռուսիա ղրկուած է Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ:
Փութին Աբխազիա այցելած էր Աբխազիոյ անկախութեան ճանաչման 5րդ տարեդարձին կապակցութեամբ: