
«Հորիզոն».- Ըստ թրքական «Demokrathaber» լրատուական կայքին՝ ծագումով սեբաստացի 3 հայ եղբայրներ իրաւական միջոցներով պայքար կը տանին իրենց նախնիներուն պատկանող տարածքին վերատիրանալու համար: Եղբայրները կը պնեն որ Սեբաստիոյ (Սվազ) Ուլաշ գաւառին մէջ գտնուող «Համուրքեսեն» տարածքը իրենց կը պատկանի, իսկ սեփականութեան իրաւունքը ապօրինաբար իրենցմէ խլուած է: Անոնք դիմած են դատարան: Նշենք, որ եղբայները կը կրեն Համուրքեսեն տոհմանունը:
20 միլիոն թրքական լիրա (9,856,000 տոլար) արժողութեամբ տարածքին վերատիրանալու համար, Համուրքեսեն ընտանիքի փաստաբանը ըսած է, որ կեանքի ապահովութեան նկատառումներով ընտանիքը մինչեւ օրս չէ բացայայտած իր ինքնութիւնը:
Փաստաբանը աւելցուցած է, որ այս հարցով Համուրքեսեն եղբայրները իրեն դիմած են 2000 թուականին, սակայն մտածելով որ 1870 թուականին խլուած հողերը տեսականօրէն անկարելի է ետ վերցնել, ոչ մէկ իրաւական քայլի դիմած են:
«Սակայն օր մը անոնք մօտս եկան Սվազի քարտէսով, ուր իրենց տոհմանունը կրող տարածք նշուած էր: Սկսայ ուսումնասիրելու այս հարցը: Սվազի նահանգային վարչութեան գրասենեակէն ձեռքս անցան թուղթեր, որոնց մէջ այդ տարածքը Համուրքեսեն ընտանիքի անունով նշուած էր: Ըստ երեւոյթին, սեփականատէրերու՝ անյայտ կորսուած ըլլալուն պատճառով, տարածքը պետութեան անունին գրանցուած էր», յայտնած է փաստաբանը: