ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 12 Սեպտեմբերին գլխաւորած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն մը՝ նուիրուած հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ իրականացուող կարգ մը ծրագիրներու: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է բերքահաւաքին եւ բնական աղէտներու հետեւանքներու վերացման գործընթացներուն: Խորհրդակցութեան մասնակցած են վարչապետ Արա Յարութիւնեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.