ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյման Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները եւ յատկապէս Սուրիոյ տագնապը:
Սլէյման վերահաստատած է, որ Լիբանան կը դատապարտէ քիմիական զէնքերուն օգտագործումը եւ անհրաժեշտ կը գտնէ յանցագործներուն դէմ պատժական տնօրինումները, որոնք պէտք է որդեգրուին ՄԱԿին կողմէ: Ան նաեւ շեշտած է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում գտնելու եւ բոլոր քաղաքացիներուն ապահովութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը:
Սլէյման նշած է, որ յատկապէս քրիստոնեաները մեծ վտանգներու կ՛ենթարկուին ի մասնաւորի Մաալուլա, Պլուտան եւ սուրիական այլ գիւղաքաղաքներու մէջ:
Միւս կողմէ, «Նահար» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, անդրադառնալով Սուրիոյ դէմ պատերազմի պարագային «Հըզպալլա»ի հաւանական միջամտութեան՝ Սլէյման ըսած է, որ «Հըզպալլա» խոհեմ է եւ Լիբանանը նման տագնապի մը միջամուխ չի դարձներ: Ան աւելցուցած է, որ ինք պիտի պահանջէ «Հըզպալլա»էն չմիջամտել, «սակայն, դժբախտաբար, պատերազմի ընթացքին ոչինչ կարելի է երաշխաւորել»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.