
ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Ուրուկուէյի հանրայայտ քաղաքական գործիչ Լիպէր Սերենիի անուան հիմնարկի կեդրոնը հրաւիրած էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջընկերվարականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեանը՝ դասախօսութիւն մը տալու «Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակը եւ ապագայի մարտահրաւէրրներ» նիւթով:
Դասախօսութեան ներկայ էին, հիմնարկութեան տնօրէն Ակուստին Քանսանի, իշխող Լայն Ճակատ կուսակցութեան նախագահ Մոնիքա Սաւիէր, միեւնոյն կուսակցութեան ծերակոյտի անդամներէն եւ խորհրդարանի Միջազգային յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամ փրոֆ. Էնրիքէ Ռուպիօ, որոնք մաս կը կազմէին կլոր սեղանին եւ դասախօսութենէն ետք տուին իրենց մեկնաբանութիւնները:
Այս կարեւոր հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Զբօսաշրջութեան նախարար Լիլիան Քէշիշեան, պատգամաւորներ, զանազան հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գաղութի անդամներ:
Մ. Նալպանտեանի դասախօսութիւնը ընդհանուր պատկեր մը տալն էր Հարաւային Կովկասի ներկայ իրավիճակի մասին. ան իր խօսքը բաժնած էր երկու մասի՝ Ա.- Հեռանկարներ եւ մարտահրաւէրներ Հարաւային Կովկասի մէջ, Բ.- Ապահովութիւն եւ կայունութիւն արդար խաղաղութեան մը համար:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած իր դասախօսութեան ընթացքին Նալպատեան նախ վերլուծական ակնարկով ընդհանուր պատկերով մը ներկայացուց Կովկասի տարածաշրջանի ռազմական նշանակութեան կարեւորութիւնը, ընդհանրապէս ուժանիւթի պաշարները եւ յատկապէս հզօր պետութիւններու շահաքրքրուածութիւնը, Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք, անոնց որդեգրած շրջանի քաղաքականութիւնը, կեդրոնացաւ Հարաւային Կովկասը կազմող հանրապետութիւններուն՝ Վրաստանի, Ազրպէճանի եւ Հայաստանի վրայ, լուսաբանելով իւրաքանչիւր երկիրի թէ՛ քաղաքական թէ՛ աշխարհագրական եւ թէ ժողովրդագրական կացութիւնը, այդ շատ զգայուն շրջանին մէջ:
Մարտահրաւէրներու հարցով, դասախօսը անդրադառձաւ մօտ ապագային սպասուող ազդեցութիւններուն եւ անոնցմէ բխող իրավիճակներուն, որոնք վերջին քսան եւ աւելի տարիներու ժամանակահատուածին ընթացքին վերածուած են Արեւելքի եւ Արեւմուտքի շահերու բախման կիզակէտը:
Ապահովական գետնի վրայ, Մարիօ Նալպանտեան կարեւորեց Արցախի հիմնահարցը, մանրամասնութիւններ փոխանցելով ներկայ գործընթացներուն, շեշտը դրաւ անոր արդար եւ քաղաքական լուծում մը գտնելու վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ տեւական խաղաղութիւն ձեռք բերել, քանի որ ըստ դասախօսին, եթէ Արցախի հիմնախնդիրը արդար լուծումի մը չհանգի, կրնայ ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ աւելի լայն առումով, Միջին Արեւելքի ապակայունութան պատճառ դառնալ, չնայած արդէն այդ շրջանը երկար տարիներէ ի վեր պայթունակ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, ի մասնաւորի Սուրիական տագնապը եւ այլ չլուծուած հարցեր նկատի ունենալով:
Շատ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց Մ. Նալպանտեանի մանրակրկիտ վերլուծականներով լեցուն դասախօսութիւնը: Անիկա շահեկան էր այն իմաստով՝ որ նիւթին այնքան խորութեամբ չտիրապետող ներկայ պետական անձաւորութիւնները գոհունակութեամբ շնորհաւորեցին դասախօսը՝ նման խորիմաստ մօտեցումներուն համար: