ԼՈՆՏՈՆ.- Անգլիական «Իքոնոմիսթ»ը կը գրէ, որ հակառակ այն իրողութեան, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան վերջերս շարք մը պարտութիւններ կրեց, ան տակաւին ուժեղ դիրքի վրայ կը գտնուի ներքին ճակատին վրայ, յատկապէս՝ որովհետեւ երկրին մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները չեն յաջողիր իրենց առաքելութեանց մէջ եւ այդպիսով կը դիւրացնեն Էրտողանի գործը։
«Էրտողանի երազներէն մէկն է հանրապետութեան նախագահ դառնալ, եւ եթէ այդ մէկը իրականանայ, ապա իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի կարենայ իշխանութեան գլուխ մնալ մինչեւ 2023։ Երկրին մէջ կայացած վերջին ցոյցերէն ետք իշխող կուսակցութեան նկատմամբ ժողովուրդին զօրակցութիւնը նուազեցաւ 50 տոկոսէն եւ Էրտողան անպաշտպան մնացած կը թուէր ըլլալ։ Էրտողան վերջերս ծանր ամբաստանութիւններ ըրաւ Արեւմուտքի մամուլին, կամ՝ «տոկոսի լոպի»ներուն հասցէին, եւ այս բոլորը ստեղծեցին այն տպաւորութիւնը, թէ Էրտողան այլեւս կարողութիւնը չունէր իշխանութեան գլուխ մնալու։ Երբ ան վերջապէս Եգիպտոսի նախագահ Մուրսիի տապալումին պատասխանատուն Իսրայէլը հռչակեց, Ամերիկա խստիւ քննադատեց Էրտողանը։ Էրտողանին օսմանական քաղաքականութիւնը խիստ պատասխան մը ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն եւ Սուրիոյ քիւրտերէն։ Էրտողան խնդիր ունի նաեւ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի հետ, ու կ՛ըսուի, թէ այս վերջինը մօտիկ ապագային իր կողմնակից զանգուածներուն պիտի յանձնարարէ չքուէարկել իշխող կուսակցութեան ի նպաստ։ Էրտողանի տեսակէտները դուրսը դժգոհութիւն ստեղծած են, բայց ներսը՝ կուսակցութեան պահպանողական խարիսխը շարժման անցած է։ Երկրին տնտեսութիւնը եւս մտահոգիչ վիճակի մէջ է, սակայն Էրտողան կը հաւատայ, որ Թուրքիա շուտով պիտի մտնէ աշխարհի ամէնէն ուժեղ տնտեսութիւնը ունեցող տասը երկիրներու ցանկը», կը գրէ թերթը։
Թերթը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Էրտողան բախտաւոր է, որովհետեւ իր ընդդիմութիւնը տկար է: Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը մխրճուած է ներքին պայքարի մէջ: Այս կուսակցութենէն քաղաքագէտ մը ցաւ յայտնած է, որ իր կուսակցութիւնը չկրցաւ օգտուիլ այն ցոյցերէն, որոնք կատարուեցան Էրտողանի դէմ։
Թերթը կ՛եզրակացնէ, որ Էրտողանի բացարձակ տիրապետութեան շրջանը աւարտած է, բայց տակաւին ան բաւական ուժեղ կը մնայ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.