ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

«Արեւամար» խորագիրը կը կրէ քերթուածներու իր վերջին ժողովածուն, զոր ազնուօրէն մակագրեր ու հասցուցեր է ինծի. այսինքն՝ մինչեւ այս հեռաւոր կայքը, ուր մեր վրանն ենք լարեր եւ զայն կոչեր տուն:
Ինչպիսի՜ յուզումով կը թերթեմ այս գրքոյկին էջերը ու մէկ-մէկ բարձրաձայն կը կարդամ եղբօրս, որ այժմ նստած է դէմս եւ կը լսէ իմ ընթերցումս: Ինք գրաբերն է այս գիրքին եւ սակայն այդ պահուն իր մէջ խօսողը հպարտ բանբերն է, որ կ՛ըսէ, թէ հակառակ գուժկաններու փութկոտութեան Ճեմարանը դեռ կայ Արեւմտեան Պէյրութի նօսրացած գաղութի ծոցին մէջ. կան անոր յամառ ուսուցիչներն ու ծնողները. կան երեխաները, որոնք յարութիւնն են եւ կեանքը… Ու ահաւասիկ կայ նաեւ Պր. Մուշեղը, որ ոչ միայն հին ու աննկուն հաւատքով կ՛ուսուցանէ մեր դպրոցին ամպիոնէն, այլեւ տես դեռ ինչպէ՜ս կը գրէ, որպէսզի դուն եւ ես ըմբոշխնենք բանաստեղծութիւնը, որ աւելին է քան յարութիւնն ու կեանքը. անմահութիւ՛նն է ան:
Ամիսներ առաջ, այսպէս սկսեր էի գրելու յիշողութիւններու այս էջը եւ սակայն չէի կրցեր աւարտել: Եւ հասաւ իր մահուան գոյժը եւ կասեցուց ամէն բան: Այժմ ես նորէն հին աշակերտն եմ, որ երբեք չկրցաւ փոխուիլ ու բարելաւուիլ. ան երբեք չսորվեցաւ իր տնային պարտականութիւնները յանձնել օրին եւ միշտ ալ ապրեցաւ մեղաւոր խղճմտանքով: Ես որոշեր էի այս քանի մը տողերով ճեղքել անջրպետը եւ խօսիլ իրեն հետ: Որոշեր էի հետզհետէ բանալ ծալքերը մեր պատանի օրերու ապրող վէպին եւ հեռուէ-հեռու կռահել իր սրամտութիւնը: Չեղա՛ւ: Հիմա այս մէկը նորէն պիտի վերածուի մենախօսութեան մը, որ ոչ սկիզբ ունի եւ ոչ վախճան:
Եւ գինովներն աշխարհի տեսան գինովն իրական
Ու զարմացած հարց տուին,
Թէ ո՞ր երկրին մէջ արդեօք կրնար խմած ըլլալ ան
Ո՞ր տարօրէն ըմպելին։
Իր հարիւրաւոր բանաստեղծութիւններուն մէջէն այս քանի մը տողերն են, զորս պիտի ընտրէ անպատկառ աշակերտը եւ զանոնք գաղտնօրէն գրէ Բ. լսարանի միջանցքի պատին վրայ եւ տակը դնէ շնական իր հարցումը՝ «Ո՞ր…» ու յետոյ ինք եւ իր դաւակից ընկերները՝ Վաչէն ու Մինասը հեռուէ-հեռու պիտի հետեւին ուսուցչին քայլերուն տեսնելու համար, թէ ե՞րբ բանաստեղծը պիտի դէմ յանդիման գայ իր իսկ տողերուն եւ ճանչնայ զանոնք: «Կեանք եւ Երազ» խորագրով բանաստեղծութիւններու հատորն է, որ այդ օրերուն կ՛անցնի ձեռքէ ձեռք:
– Բե՛ր տեսնեմ Պր. Մուշեղին գիրքը, – կ՛ըսէ հայրս այդ իրիկուն:
Ճեմարանի մէջ հաստատուած անգիր կանոն մըն է այս մէկը: Նոր լոյս տեսած գիրքերը կը բաժնուին աշակերտութեան. գիրքերը կը տարուին տուն. յետոյ հետզհետէ անոնց փոխարժէքը կը հաւաքուի իւրաքանչիւր դասարանի դաստիարակ-ուսուցչին մօտ՝ ղրկուելու համար Համազգայինի գրատունը:
Ես կը կարծեմ, թէ հայրս միշտ ալ եղած է Մուշեղ Իշխանի երկերուն առաջին ընթերցողներէն մէկը: Ասիկա այլեւս հեղինակի եւ ընթերցողի յարաբերութիւն մը չէ: Այդպիսի յարաբերութիւն երբեք ալ գոյութիւն չէ ունեցած իրենց միջեւ: Հօրս համար՝ ան Մուշեղն է. ուսուցչիս համար՝ հայրս Գրիգորն է: Յաճախ ես մնացած եմ մէջտեղը, երբ անոնք դէմ-դիմաց եկած են Հիւսէյն Պէյհում փողոցի մայթերուն վրայ: Իրենք կրնան խօսիլ դպրոցին մասին, կուսակցական խնդիրի մը մասին, գրականութեան մասին. քանի մը վայրկեանի համար՝ ես չկամ… ես մէկէն միւսին անցած ի մէջ այլոց պատասխանատուութիւն մըն եմ եւ ատկէ աւելին չպէտք է ակնկալեմ ըլլալ, երբ հայրս հաստատ համոզումով իր հաւանութիւնը կը յայտնէ Պր. Մուշեղի վերջին խմբագրականի միտքերուն: Վերջաւորութեան՝ երկուքն ալ կ՛անդրադառնան, թէ ես յամենայն դէպս հոն եմ… եւ հայրս, մեծ ժպիտ մը դէմքին, ինծի դարձած եւ սակայն հարցումը Պր. Մուշեղին ուղղելով կը խօսի.
– Ինչպէ՞ս է մեր Կարօն դասերուն մէջ…
– Լաւ է, լա՛ւ… – կ՛ըլլայ ուսուցչիս պատասխանը:
Հիմա կը հասկնամ, թէ այդ մէկը իրենց ինքնուրոյն «Ցտեսութիւն»ն էր. ես արտայայտչամիջոցն էի միայն: Հայրս յանձնած էր զիս ապահով ձեռքերու եւ երբեք ալ կարիք չունէր գիտնալու, թէ ինչ կը պատահէր ատկէ անդին. «Միսը քեզի, ոսկորը ինծի. միայն թէ մարդ ըլլայ» երկու ընկերներու միջեւ այս անգիր ու անխօս համաձայնութեան առարկան ես էի:
Հայրս եւ Պր. Մուշեղը միասին մտան քսաներորդ դարու դաժան ասպարէզէն ներս՝ իրենց պատանիի մատղաշ ուսերէն կախած կօշիկ ներկողի տուփը: Հայրս է պատմողը.
– Պէտք էր տեսնէիք Դամասկոսի Մերճէի հրապարակը այդ օրերուն. քսան- երեսուն հոգի նստած կ՛ըլլային իրենց տուփերուն առջեւ. հաճընցի, մարաշցի, ուրֆացի տղաք. բոլորն ալ խելքը-գլուխը պատանիներ. բոլորն ալ հացի ետեւէն:
Ուրեմն պարզ է, թէ ինչո՞ւ հայրս ամէնէն աւելի կը փնտռէ Մուշեղ Իշխանի արձակը: Բանաստեղծութիւնը՝ լաւ: Բայց հոն Մուշեղը «չափով մը» կը հեռանայ իրենցմէ. անոր բառերուն համը կը փոխուի: Մուշեղը կը վերադառնայ իրենց իր արձակո՛վ, քանի որ անոր արձակը առտնին բոյրեր ունի. նման՝ այն խոհանոցի փառահեղ դանակին, որ օր ու իրիկուն ծառայելով մօրդ ձեռքերուն մէջ, ի՜նչ ալ ընես, որքա՜ն ալ լուաս ու «սիֆ»ով շփես, միշտ սոխ ու հաց պիտի բուրէ…
Ես կը յիշեմ այն օրը, երբ հրապարակ իջաւ Պր. Մուշեղին առաջին վէպը՝ «Հացի եւ Լոյսի Համար»: Փոխաբերական չէ այս արտայայտութիւնը: Հրապարակ ըսուածը, գէթ մեզի համար, Պէյրութի յայտնի շուկան էր. այսինքն մեծ ու փոքր հայ վաճառականներու եւ արհեստաւորներու բանուկ մեղուաբոյնը: Իսկ այդ վէպը մեր գրականութեան այն բացառիկ գիրքերէն էր, որ բառացիօրէն հրապարակ իջաւ եւ կրնամ ըսել, որ հայրս էր զայն ֆիզիքապէս հոն իջեցնողը:
Ես պայծառօրէն կը յիշեմ շէնշող այդ միջօրէն. աշակերտութիւնը դուրս կը յորդէր Ճեմարանի դասարաններէն. օրուան դժուարին մասը յաղթահարուած էր… Շատերս կ՛երթայինք տուն՝ ճաշի. ու այնուհետեւ մեր առջեւն էր կէսօրուան հրաշալի դադարը: Արձակման այդ պահուն էր, որ Պր. Մուշեղը կեցուց զիս եւ ըսաւ.
– Աս գիրքը հօրդ կը տանիս…
Տարի՛: Հայրս հազիւ կարդացեր էր անոր առաջին էջը, երբ դարձաւ ինծի.
– Դեռ մամադ ճաշը չէ դրած, ըսաւ. – Վազէ-գնա՛ Պր. Մուշեղենց տունը. քսան օրինակ թող տայ, որ հետս շուկայ իջեցնեմ:
Վազեցի՛: Այդ օրերուն, Պր. Մուշեղենց բնակարանը կը գտնուէր դպրոցէն դէպի վար, թաղային մտերմիկ փողոցներէն մէկուն վրայ: Դուռը բացողը տիկ. Զապէլն էր, մանկապարտէզի օրերու ուսուցչուհիս: Արդէն նստեր էին ճաշի եւ սեղանին վրայ մեծ ամանի մը մէջէն քիթիս կը հասնէր նոր տապկուած գետնախնձորին զգլխիչ բուրմունքը: Փոխանցեցի հօրս խնդրանքը եւ վերցուցի գիրքերը եւ մէկ շունչով հասայ տուն:
Այնուհետեւ ամբողջ շաբաթ մը «Հացի եւ Լոյսի Համար»ին օրինակներէն տասնեակներ բերուեցան տուն եւ իջան շուկայ… հայրս իր դերձակի խանութէն կը վարէր այս «գործողութիւն»ը: Ան իր ձեռքով կը տանէր գիրքերը շուկայի իր բարեկամներուն. կը մտնէր արհեստանոցները. երբեմն տեղւոյն վրայ էջեր կը կարդար բարձրաձայն. յաճախ նաեւ ես՝ ինքս կ՛ըլլայի գրատարը: Հայրս մոլի ընթերցող էր: Կային իր նմանները շուկային մէջ, բայց բոլորը չէին, որ կը կարդային, եւ սակայն մեծ էր թիւը գնողներուն: Եղեռնի ճամբարներէն յարութիւն առած սերունդն էր, ճարտար ու ստեղծագործ միտքերով այդ մարդիկը, որոնք իրենց նուազագոյն զէնքերով օր ու գիշեր կը մարտնչէին ճակատագիրին դէմ: Պր. Մուշեղը նախ եւ առաջ իրե՛նցն էր: Անոր յաղթանակը իրենց յաղթանակն էր, իսկ այս գիրքը իրենց հասկնալի լեզուով ահաւասիկ կու գար պատմելու իրենց կեանքերուն դեռ չգրուած դիւցազներգութիւնը:
Եւ իսկապէս, երբ այժմ արդէն կը դիտեմ քառասուն տարիներու հեռաւորութենէն, կ՛անդրադառնամ, որ ասիկա առաքելութիւն մըն էր, որ առաջնահերթ մնաց Պր. Մուշեղի կեանքին մէջ: Ան բանաստեղծ էր, արձակագիր, հրապարակախօս, ուսուցիչ, կուսակցական գործիչ: Անոր ուսին կը ծանրանային բազմազան պարտաւորութիւններ, որոնց բոլորին կը ջանար հասնիլ իր լայն սրտով: Կար սակայն խօսքերով չարտայայտուող այն հաւատարմութիւնը, որ ան կ՛ըզգար դէպի իր անիրաւուած սերունդը. իր ընկերները: Անոնք խուռներամ կու գային զինք լսելու ակումբէ ակումբ, սրահէ սրահ եւ ինք իր ամբարած պաշարը այնպիսի խանդաղատանքով կը սիրէր բաշխել այս բացառապէս ուժական մարդոց սերունդին, որ նոր ու հզօր սկիզբ մը դրեր էր հայոց պատմութեան եւ որ անտեղիտալի յամառութեամբ օրը օրին, այս դժուարին աճելավայրերուն մէջ, կը կերտէր մեր ժողովուրդի իւրօրինակ վեհապետութիւնը:
Շանթի եւ Աղբալեանի դպրոցին առաջին սաներէն էր Պր. Մուշեղը: Անոնք կորովի ուսուցիչներ եղան եւ սերունդներ հասցուցին: Ճեմարանական սաներու այս սերունդէն ես անձամբ պարտական եմ պր. Թօփալեանին, պր. Բանեանին, պր. Մուրատեանին. եւ անշուշտ՝ Պր. Մուշեղի՛ն: Ես այժմ հաշիւ կու տամ ինքզինքիս եւ կը զարմանամ: Բազմաթիւ տարիներու վրայ տարածուող իր ծառայութեան ընթացքին եւ խօսելով միայն մեր դասարանին մասին, Պր. Մուշեղ դասաւանդեց հայոց լեզու եւ գրականութիւն, համաշխարհային գրականութիւն, հոգեբանութիւն, մանկավարժութիւն, գրաբար, ֆրանսերէն. եւ անշուշտ ան եղաւ դաստիարակ ու փոխտնօրէն եւ որպէս այդպիսին՝ ան մեզի տուաւ իր ստեղծագործ միտքին լաւագոյն մասը: Մենք իր չգրուած երգերն ենք եւ երեւի իր չապրուած օրերը: Այդպէս է եղած ճակատագիրը մեր այս քաջ ուսուցիչներուն: Այդպէս է եղած ճակատագիրը Պր. Մուշեղին: Մեր վայրենի հարայ-հրոցին տակ, Ճեմարանի սանդուխներն ի վեր, մենք երեւի ծամեր ենք իր ջիղերը եւ զինք ծերացուցեր՝ քիչ մը ամէն օր. իսկ ինք այդ բոլորէն ետք կրցեր է ըլլալ սրամիտ ու բարի, կրցեր է ժպտիլ եւ ուրախանալ մեր յաջողութիւններով եւ իր աննման սրախօսութիւնները ցանել մեր առօրեային մէջ:
Հրաշալի էր Պր. Մուշեղին սրամտութիւնը: Իսկական երգիծաբան մըն էր ան, որ գիտէր բառերուն կնճիռը քակել եւ կեանք տալ մեր լեզուին: Յաճախ մենք կը հռնդայինք հոմերական խնդուքով, նոյնիսկ երբ ինք բարկացած կ՛ըլլար:
– Թզենի մի էր ուրումն տնկեալ յայգւոջ իւրում… ի՞նչ կայ ասոր մէջ խնդալիք, – կը գոռար եւ կաւիճը կը նետէր սեղանին:
Միամիտ չէր տաք ու պաղ տեսած այս մեր ուսուցիչը: Ինք շատ լաւ գիտէր, թէ խենթերու այս դասարանին ընդերքներուն մէջ ինչպիսի՜ արթեզեան ջրհորներ առիթի կը սպասէին ժայթքելու համար. եւ սակայն ինք ուսուցիչն էր եւ մենք՝ աշակերտները եւ մեզմէ ամէն մէկը իր դերին մէջն էր այդ պահուն…
Բարկութիւն ըսուածն ալ իր սրբութիւնը ունէր եւ դուն պէտք է գիտնայիր ըստ այնմ գնահատել եւ յարգել վայրկեանին պատշաճութիւնը…
Գաւառի գրականութիւնը մեծ եղելութիւն մը եղած էր, անկասկած, արեւմտահայ մշակոյթի պատմութեան մէջ. ան եկած էր յեղաշրջելու ամբողջ մտայնութիւն մը. եկած էր բանալու նոր հուն. Թլկատինցին…
– Ալ կը բաւէ՛ ըրածդ… – յանկարծ կը պայթէր Պր. Մուշեղին հրաբխային սաստը, – քիչ մըն ալ դասին հետեւէ. մի վախնար, վնաս չի տար… Հինգ վայրկեանէն զանգը կը հնչէ. դո՛ւն ալ կ՛ազատիս, Թլկատինցին ալ…
Այս սաստը ուղղուած է անուշադիր աշակերտին, որ իր միմոսութեամբ կը խանգարէ դասարանին ուշադրութիւնը, իսկ մինչ այդ դասի կանչուած անհամբեր աշակերտուհին կը փորձէ շարունակել իր կիսատ նախադասութիւնը, երբ դեռ չէ իջած Պր. Մուշեղին բարկութիւնը.
– Գաւառի գրականութիւնը… – կ՛ըսէ ան:
– Չըլլալիք բան է, – կը գոռայ Պր. Մուշեղը կրկին. – գաւառ մըն ալ ըլլար, ձեր բոլորը հո՛ն ճամբէինք…
Այս մանրավէպը պատմուած է ինծի մեզի յաջորդողներէն մէկուն կողմէ: Այս յանդիմանութիւնները եւ անոնցմով ստեղծուած մթնոլորտը կը ցնդէին անհետ, երբ կը հնչեր դադարի բարերար զանգը: Այդ զանգը ի՜նչ կեանքեր փրկեց տարիներու ընթացքին եւ դեռ ի՜նչ կեանքեր կը շարունակէ փրկել ամէն կողմ. ինչպիսի՜ անելներէ դուրս հանած է մեզ եւ նետած՝ զբօսանքի բուժիչ հրմշտուքներուն: Կեցցէ՜ն զբօսանքի այդ թանկագին վայրկեանները, որոնք ոչ միայն խաղի, կատակներու անգնահատելի պատեհութիւններ կը պարգեւէին մեզի, այլեւ հնարաւորութիւն կ՛ընծայէին մետասաներորդ ժամու մեր խուճապահար կարգադրութիւնները ընելու, որպէսզի ձեւով մը կարելի ըլլար պատրաստուիլ տիկ. Եոլանտի կամ պր. Աթթարեանի մեծապէս պահանջկոտ դասաժամերուն:
Երբեմն զբօսանքի այդ նեղ միջոցը նաեւ սխրալի առիթն էր դաւադիրներու այն խմբակին, որոնք մեր ուսուցիչներու կազմին մէջ կը տեսնէին յաւէ՜տ եպերելի իշխանութիւնը եւ կ՛ըմբոստանային անոր դէմ:
Կար օր մը տարուան մէջ, որ մեզի ժառանգ էր ինկած հայոց հին հեթանոսական մշակոյթէն եւ այդ օրը մե՛նք էինք թագաւորը: Ապրիլ մէկի սպասուած օրն էր այդ մէկը, երբ մեր դասարանները կ՛իյնային մեծապէս վարակիչ անիշխանութեան մը մէջ: Լեւոն Շանթէն մնացած անվիճելի իրաւունք էր ասիկա, որուն ամէն սերունդ փարեր էր մեծագոյն նախանձախնդրութեամբ: Կ՛ուզեմ հաւատալ, որ այսօր եւս,
հակառակ մեր դպրոցը շրջապատող դժուարին պայմաններուն Արեւմտեան եւ Արեւելեան Պէյրութի զոյգ կեդրոններուն մէջ, նոր ճեմարանականներու հրոսակախումբը իր առհաւական այդ իրաւունքին կը շարունակէ տէր կանգնիլ: Դաւը յղացուեցաւ դասարանին մէջ, արաբերէնի պահուն, երեք հոգիներու կողմէ: Այժմ չեմ յիշեր, թէ ո՞վ էր միտքը, ո՞վ էր կամքը եւ ո՞վ՝ խիղճը յղացողներու այդ եռեակին. գիտեմ միայն, որ անխօս հաղորդակցութիւնը ճամբայ կտրեց դասարանին մէկ ծայրէն միւսը եւ գոյացաւ երկաթեայ համաձայնութիւն մը բոլորիս միջեւ: Յաջորդ պահը ֆրանսերէնի պահն էր. հետեւաբար պէտք էր անպայման տիկ. Եոլանտն ալ քաշել գործին մէջ, եւ այդ մէկը կը պահանջէր նուրբ դիւանագիտութիւն: Այստեղ խօսեցաւ աղջկանց անսխալ բնազդը.
– Մեզի մի՛ նայիք, – ըսին չորս կողմէն, – դուք՝ տղա՛քդ պիտի խօսիք Մատամին. Ան ձեզի լաւ աչքով կը նայի…
Անարդար զրպարտութի՛ւն մը, որուն վրայ վիճելու ժամանակ չկար: Վաչէն եւ ես ներկայացանք Մատամին:
– Մատա՛մ, – ըսինք, – դասարանը որոշած է, որ ձեր պահը յատկացուի կարեւոր դատավարութեան մը…
– Ի՞նչ դատավարութիւն… – հարցուց Մատամը ուշադիր լսելով մեզ եւ երեւի ակնկալելով յոռեգոյնը:
Վաչէն եւ ես նայեցանք իրարու երես. Վաչէն աչք ըրաւ. առաջին խոչընդոտը յաղթահարուած էր. Մատամը տրամադիր էր մեզ լսելու:
-Պիտի դատուի Պր. Մուշեղը…
Մատամը ժպտեցաւ անմեղ չարութեան մը գրգիռը աչքերուն մէջ եւ յայտնապէս վարակուած՝ օրուան խորհուրդէն. յաղթահարեր էինք երկրորդ խոչընդոտը:
– Շա՛տ լաւ, ըսաւ ան իր վճիտ վանկերով, մէ՛կ պայմանաւ. կարգին գործ պէտք է ընէք. ճապաղ բան չեմ ուզեր:
Անցանք գործի: Արդէն պատրաստեր էինք ամբաստանագիրը. բաժնուեր էին դերերը. վերադասաւորուեր էր դասարանի կահաւորումը. նոյնիսկ ճշդուեր էր մամլոյ ներկայացուցիչներու սեղանը: Զանգը հնչեց: Մտանք դասարան: Տիկ. Եոլանտ մեզի կու գար բազմաթիւ յայտնի բանաստեղծներու եւ թատերական դէմքերու ընտանեկան մեծ աւանդութենէ մը. ինքն ալ՝ հմուտ մասնագէտ մը ֆրանսական թատրոնի: Իր այդ կարողութիւնն էր, որ յանկարծ բեմականացաւ, երբ ան դերասանական բարկութեամբ բացաւ դասարանին դուռը, քալեց դուրս եւ ուսուցչարանէն կանչեց Պր. Մուշեղը.
– Խնդրեմ, Պր. Մուշեղ, եկէք եւ յանձն առէք անկարգներու այս դասարանը…
Պր. Մուշեղ մտաւ ներս մեզ սաստելու յստակ դիտաւորութեամբ, երբ ատեանէն հնչեց դատաւորին «մուրճ»ը.
– Թող ամբաստանեալը գրաւէ իր աթոռը… նիստը բացուած է:
«Ամբաստանեալ»ը նայեցաւ շուրջը. քար լռութիւն էր: Բոլորս ալ կ՛ըմբոշխնէինք Պարոնին դէմքին ակնթարթային կերպարանափոխութիւնը:
Միայն զինք մօտէն ճանչցողները գիտեն, թէ ան ինչպէ՞ս կ՛արտայայտէր իր ուրախութիւնը: Զուսպ եւ աննշմարելի ժպիտ մըն էր, որ կը սուզուէր իր խորքերը, եւ այդ պահուն ռատիօգործօն ուժ մը կը ճառագայթէր իր ամբողջ անձնաւորութենէն. միայն շրթներն էին, որոնք թեթեւօրէն կը մատնէին պահը:
«Ամբաստանեալ»ը համակերպեցաւ եւ անխօս բազմեցաւ աթոռին: Ամէն բան մտածուած էր. ամէն բան պատրաստուած: Ամբաստնագիրը կ՛ըսէր, թէ Պարոնը, որպէս փոխտնօրէն, մեղաւոր էր հայագիտական առարկաներու համեմատութիւնը Ճեմարանի դասացուցակէն պակսեցուցած ըլլալու յանցանքով. նաեւ մեղաւոր է դպրոցին վերաբերող շարք մը խնդիրները Լսարանականներու միութեան հետ քննած չըլլալու յանցանքով. եւ դեռ մեղաւոր է լսարանականներու պարբերաթերթ՝ «æահակիր»ին բաւարար պիւտճէ յատկացուցած չըլլալու աններելի թերացման համար:
Նիստը յաջող կ՛ընթանար, երբ յանկարծ անդրադարձանք, թէ մոռցեր էինք պաշտպան փաստաբան մը նշանակել… Բարեբախտաբար մեր դատաւորը, որ Վաչէն էր, արագ որոշում մը առաւ եւ յայտնեց, թէ փաստաբանական կազմէն ոչ ոք ուզած էր գործը յանձն առնել. հետեւաբար ամբաստանեալն էր, որ պիտի պաշտպանէր ինքզինք…
Հոն էր, որ խնդիրը լրջացաւ: Պր. Մուշեղ ձեռք առաւ «ինքնապաշտպանութեան» գործը.
– Պարոնայք դատաւորք, – ըսաւ. – Ես կը խնդրեմ, որ այս դատը չեղեալ նկատուի, քանի որ անիկա որեւէ հիմ չունի: Տնօրէնութիւնը, – ըսաւ, – այս տարի վերադասաւորեց դասացուցակը, ճի՛շդ է. բայց նաեւ ընդարձակեց Ճեմարանի հայագիտական ուսմանց բաժինը… շուտով Ճեմարանը կ՛ունենայ Հայագիտական բարձրագոյն դասընթացք եւ կը յուսամ, որ դատախազ կողմը կ՛արձանագրուի եւ լրջութեամբ կը հետեւի այդ աշխատանքին: «æահակիր»ը, – ըսաւ, – բաւարար պիւտճէ ունի եւ լաւագոյն պայմաններ: Կար ժամանակ, երբ լսարանականները զայն իրենց ձեռքով կը տպէին փոխանակ տպարաններու դիմելու. եւ այդ օրերուն անոր խմորատիպ էջերէն քանի մը գրագէտներ եւ բանաստեղծներ տուաւ Ճեմարանը յուսամ աւելիով կ՛արդիւնաւորուի նաեւ այսօրուան մեր սերունդի աշխատանքը: Իսկ Լսարանական միութիւնը շատ ուրիշ գործեր ունի, որոնք իրեն կը սպասեն. դպրոցին հոգը թող ձգէ մեզի…
Իրարու երես նայեցանք. կատակը փոխուած էր լուրջի: Մենք նախօրօք պատիժն ալ սահմանէր էինք. պատժամիջոցն ալ որոշուած էր. եւ սակայն այդ պահուն չեմ գիտէր ինչո՞ւ յանցաւորներու պէս ամէն բան մոռցանք եւ շատեր նոյնիսկ գլուխնին կախեցին: Այդ պահուն էր սակայն, որ մեր դատաւոր ընկերը ըրաւ իր երկրորդ գիւտը.
– Ատեանը, – ըսաւ, – չի կրնար չեղեալ նկատել այս դատը. կրնայ միայն ներում
շնորհել…
Ամբողջ դասարանը պայթեցաւ այդ պահուն եւ մենք որոտընդոստ ծափահարութիւններով շր-ջապատեցինք մեր քաղցր ուսուցիչը: Միակ անյողդողդը տիկ. Եոլանտն էր, որ ընդհանուր շփոթին մէջ մեզ կարգի կը հրաւիրէր.
– Շատ աղէկ, կը բաւէ՛. դեռ քսան վայրկեան ունիք. անցնի՛նք դասի:
Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր գաղութները Մուշեղ Իշխանի անունը ճառագայթեց որպէս Եղեռնէն վերապրող մեր սերունդին զգայուն բանաստեղծը: Բայց այդ մէկը գիրի՛ն պատգամն էր միայն: Իր աշակերտները բախտը ունեցան զինք ճանչնալու գիրէն անդին. այսինքն՝ նախքան գիրը, իր առօրեային մէջ՝ որպէս ուսուցանող, որպէս մտածող, որպէս գործող ու կառավարող եւ այդ եռուզեռին մէջ ամէն քայլափոխին՝ տագնապող մա՛րդ: Ինք եւ իր պաշտօնակիցները իւրայատուկ հոյլ մըն էին. սակաւաթիւ ընտրեալներու մատեան գունդը: Անոնք «ձեռքո՛վ» ընտրուած էին երկու մեծ վարպետներու՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի խորաթափանց յայտնատեսութեամբ: Այս մարդոց վէպը դեռ չէ գրուած եւ թերեւս երբեք ալ չգրուի: Ասոնք ուսուցիչնե՛րն էին. այս դարու քսանական, երեսնական, քառասնական թուականներու այդ անուղղաները, որոնք հաւատացին, թէ կրնան դրօշը բարձր բռնել հայակրթութեան համեստ օճախներու մէջ. հաւատացին, թէ կրնան այդ համեստ բոյները վերածել օճախի. հաւատացին գաղափարի՛ն, որ կրնար յաղթահարել անցողիկ իրականութեան դժխեմ խոչընդոտները. հաւատացին մեր ժողովուրդի ոգեկան ուժին եւ մեր ազգային անկախ պետականութեան: Մեծ գործի մը զինուորագրեալներուն վայել ջերմեռանդութեամբ, Սփիւռքի ամբողջ տարածքին, առանց աւելորդ հարցուփորձի, առանց ընկրկումներու, առանց փողի ու թմբուկի՝ անոնք մնացին պատնէշի վրայ եւ շնորհիւ անսպառ այդ հաւատքին դրօշը անցաւ սերունդէ սերունդ:
Կար անցումի պահ մը մեզմէ ամէն մէկուն կեանքին մէջ: Ի վերջոյ կը հասնէիր այն կէտին, որմէ անդին նոր աշխարհ մը կը բացուէր եւ Ճեմարանը կը դառնար քաղցր յիշողութիւն: Ինչպէ՞ս բնորոշել այն պահը, երբ յանկարծ երէկուան ուսուցիչդ եւ դուն նոյն ժողովասենեակին մէջն էք՝ այս անգամ որպէս հաւասարազօր ընկերներ…
Ճեմարանի ուսուցիչները միշտ ալ ապրող ներկայութիւն եղած են իրենց աշակերտներու միտքին մէջ: Ըստ իս, այս մէկը աւանդական խորունկ արմատներ ունի հայ մանկավարժական փիլիսոփայութեան մէջ: Գաղտնի կապ մըն է ասիկա, որ կը վերապրի կեանքիդ իւրաքանչիւր հանգրուանին վրայ նոյնիսկ ուսուցիչներուդ մահէն ետք: Ենթագիտակցութեանդ խորերուն մէջ բոյն դրած զգաստութեան ուժն է ան. կեանքի անգիր չափանիշն է՝ բոլոր չափանիշներէն անդին. օրինա՛կն է, որ ինքզինք կը մշտնջենաւորէ քու կենսափորձիդ բոլոր ծալքերէն:
Տարիներ շարունակ, Պր. Մուշեղ իր լոյս տեսնող գիրքերէն օրինակներ կը մակագրէր ու կը ղրկէր իր աշակերտներուն. ծովերէն ու ովկիանոսներէն անդին՝ հայրական իր ներկայութիւնը յուշելու իր քաղցր ձեւն էր ասիկա: Այժմ գրադարանիս մէջն են այդ հատորները եւ կը բաբախեն կեանքով: Յուսամ շուտով պիտի գայ օրը, երբ մեր յեղափոխուող հայրենիքի գրական հեղինակաւոր ամպիոններու իսկ հովանաւորութեամբ լոյս պիտի տեսնէ Մուշեղ Իշխանի գործերու լիակատար ժողովածուն. լոյս պիտի տեսնէ՝ առա՛նց խախտելու բնագիրին դիմագիծը. այսինքն՝ Մեսրոպեան հարազատ ուղղագրութեամբ, որուն հաւատաւորը մնաց ինք մինչեւ իր մահը:
Մեր երիտասարդ ընկերներէն՝ Վահէ Եագուպեանի պսակադրութեան փառաշուք հանդէսն էր, որ պատեհութիւն ստեղծեց, որ անգամ մը եւս տեսնէի Պր. Մուշեղը երկու տարի առաջ Լոս Անճելըսի մէջ: Ս. Պսակի արարողութենէն ետք, ճեմարանականներու հսկայ բազմութիւն մը լեցուցեր էր Մոնթեպելլոյի Հայ կեդրոնի սրահը: Ամէն քայլափոխի, հին ընկերներ, ընկերուհիներ զիրար կը գտնէին եւ մեծ աղմուկ կը բարձրանար: Հոն էր, որ տեսայ զինք Հայաստանէն ժամանած իր եղբօր հետ: Այո, մաշած էր իր ֆիզիքական կազմը եւ սակայն պիրկ էր ան եւ զուարթ. սուր էր նաեւ իր կատակը: Պահ մը նստեր էինք նոյն սեղանը՝ ինք, Կարպիս Քորթեանը եւ ես.
– Կարպի՛ս, – ըսաւ, – այս փիլիսոփաները հետաքրքրական մարդիկ են, բայց լեզունին հասկնալ դժուար է. միամակարդակ, բազմամակարդակ… ասո՜ր վերջը ո՞ւր պիտի երթայ:
Այնքա՜ն համով էին այս խօսքերը եւ այնքան հարազատօրէն կ՛արտայայտէին զինք. այդ պահուն ես չանդրադարձայ, թէ իրմէ ինծի մնացած վերջին սրախօսութիւնը պիտի ըլլար այս մէկը:
Մուշեղ իշխանի վաստակը պատկառելի է իր շատ մը կողմերով: Իր տողերը կը խօսին վսեմ ընտանութեամբ եւ իր գրչին տակ բանաստեղծութեան նուրբ արուեստը բնազդաբար կը գտնէ իր մարդկային չափերը: Ան յաւիտենական պատանին էր, որ կեանքի վերիվայրումներուն մէջ տոգորուեցաւ իմաստութեամբ, բայց երբեք չծերացաւ: «Մնաս Բարով Մանկութիւն» խորագիրով իր յուշագրական հատորը, որ լոյս տեսաւ իր վաթսունամեակի տարին, խոստովանութիւն մը կը պարունակէ. այդ գրքի նախամուտին մէջ, ինք կ՛ըսէ, թէ սրտի տագնապը մէկ անգամէն իմաստուն դարձուց զինք… այդպիսի անկիւնադարձային վայրկեաններ, անկասկա՛ծ, գոյութիւն ունին մարդուս կեանքին մէջ: Սրտի անակնկալ տագնապը այդպիսին եղաւ. ան մեծապէս ցնցեց զինք եւ փոխեց իր կեանքին կշռոյթը: Կար սակայն իր կեանքի անձնուէր ընկերուհին, իր պահապան հրեշտակը՝ տիկ. Զապէլը, որ իր գուրգուրանքով թեթեւցուց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի անորոշութիւններով եւ վտանգներով լեցուն առօրեան եւ ամոքեց մաշումի վերջին տարիները: Երբ այժմ մտքիս մէջ կը ջանամ պարփակել ամբողջութիւնը իր կեանքին, կը զգամ, որ ամէն բանէ առաջ եւ ետք ուսուցիչ էր ան եւ գրագէտ: Ասոնք Մաշտոցեան նոյն կոչումին երկու լրացուցիչ երեսներն էին Պր. Մուշեղի կեանքին մէջ: Կարելի չէր մէկը գերադասել միւսին: Կարելի չէր մէկը փոխարինել միւսով: Կարելի չէր շնչել առանց երկուքի փոխներգործութեան: Ես կը հաւատամ, որ հակառակ իր փխրուն առողջութեան՝ ան կրցաւ գոյատեւել շնորհիւ այդ կոչումի լիազօրող ուժին: Պր. Մուշեղի վերջին տարիները մնայուն ուխտագնացութիւն մըն էին երկու սրբավայրերու միջեւ: Ճեմարանի իր ամպիո՛նը՝ ուրկէ ան, անշեղ հաւատքով, իր աշակերտներու բերնին մէջ դրաւ մեր լեզուին սուրբ հաղորդութիւնը. եւ իր աշխատանքի սեղա՛նը՝ ուրկէ ան, ի լուր գալիքին, հաղորդագրեց բանաստեղծի իր վեհ պատգամը՝ պարզութեամբ, քաղցրութեամբ, աւիշով եւ արիւնով:
Մեռաւ՝ գրիչը ձեռքին:
Սեպտեմբեր 21, 1990
Մըքլէյն, Վիրճինիա
(Առաջին անգամ լոյս տեսած՝ «Հորիզոն Շաբաթաթերթ»ին մէջ, 1990ին)
—
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԴՈԿՏ. ՎԻԳԷՆ ԵՒ ՆՈՐԱ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆՆԵՐ
ԼԵՆԱ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
LEVON TRAVEL