ԴՈԿՏ. ՀՐԱՆԴ ԱՃԷՄԵԱՆ

Տարիներու մշուշին մէջէն, սա պահուն, մտքիս առջեւ կը պայծառանայ դէմք մը, կրթական մշակի մը տիպարը, ուսուցիչ հայ մարդ մը: Դէմքը հետզհետէ մարմին մը կը զգէնու ու կեանք կը դառնայ: Կը դառնայ շունչ ու ոգի: Հայ ուսուցիչի տիպար ոգին՝ Մ. Իշխան:
Արդարեւ, Մուշեղ Իշխան, Ճեմարանի յարկէն մինչեւ ամպիոնը Անթիլիասի Դպրեվանքին, եղաւ հայ ուսուցիչի եւ հայ մանկավարժ-դաստիարակի այն ոգեղինացած տիպարը, որմէ իրենց ազգային տոհմիկ դաստիարակութիւնը ստացան հայ սերունդներ: Ուսուցիչ մը, որ ներշնչման աղբիւր հանդիսացաւ ազգային եւ մարդկային ձգտումներու, որոնց նրբացման, յղկման եւ զարգացման նուիրուեցաւ ան կէս դար շարունակ: Եղաւ սպասարկուն տոհմային արժէքներու պահպանման եւ փոխանցողը՝ մարդկային գիտութեանց:
Սովորական իմաստով հայ ուսուցիչ մը չէր ան, այլ դաստիարակ մարդ մը, որ յիսուն տարիներու ընթացքին հասնող սերունդներու հոգիներուն մէջ ցանեց առողջ մտածումի, ազնիւ զգացումի եւ գեղեցիկ հոգիի սերմեր:
Մ. Իշխանի ուսուցիչի, դաստիարակի եւ հանրային գործիչի յատկանիշներէն մէկն ալ այն էր, որ ան՝ իբրեւ երրեակ առաքելութիւնները մարմնաւորող անձ, այդ ամէնուն առընթեր, անհատականութիւն մըն էր եւ մանաւանդ նկարագիր մը: Նկարագիր մը, որ պայծառ է խօսքով, հաւատքով՝ ուղիղ, սիրով՝ անկեղծ, ուսուցանելու մէջ՝ անձանձրոյթ:
Տակաւին պատանիներ, Ճեմարանի աշակերտական մեր գրասեղաններուն ետեւէն, գիտէինք հայերէնի մեր ուսուցիչին բանաստեղծ ըլլալը: Կարդացած էինք իրմէ քանի մը քերթուածներ՝ քնարական եւ ազգային լարերով: Յաճախ ինչպիսի՜ ակնածանքով կը խօսէր հայ գրողներու եւ բանաստեղծներու մասին, անոնց տողերէն մէջբերումներ ընելով: Հետաքրքիր աշակերտներս ի՜նչ անհամբերութեամբ կը սպասէինք ի՛ր տողերու մասին ակնարկի մը, սակայն՝ ի զուր: Ո՛չ մէկ ատեն պատահեցաւ անիկա: Ո՛չ իսկ դպրեվանական մեր համեմատաբար հասուն շրջանին: Չէր խօսեր իր մասին: Իր գրուածքներուն մասին: Երբեմն, աշակերտներս հարցումներու ճամբով կը փորձէինք խօսեցնել մեր բանաստեղծ ուսուցիչը, սակայն, ան գիտէր խուսափելու կերպը: Համեստ էր ան:
Զգայուն էր Մ. Իշխանը իբրեւ ուսուցիչ: Դիւրայոյզ եւ դիւրաբորբոք՝ հայ արժէքներու հանդէպ անհոգ ու մեղկ աշակերտներու նկատմամբ: Այդպիսիներուն յաճախ կը կրկնէր. «Տղա՛ք, ասանկ երթաք, օր մը աշնանային տերեւներու պէս պիտի թափիք»: Տպաւորուած էինք այս խօսքերէն, զորս յաճախ կը փոխանցէինք աշակերտներս իրարու, երբ գտնուէինք անհոգ ընթացքի մէջ: Հեռու էր ան ցուցամոլութենէ եւ կը խուսափէր պաճուճեալ ձեւականութիւններէ: Զուսպ էր ան բեմին վրայ եւ հեռու՝ պոռոտախօսութենէ: Գրական երեկոյթի մը կամ ազգային-քաղաքական բնոյթով հանդէսի մը ընթացքին խօսելուն, ան կը յայտնէր առողջ մտածումներ եւ գիտէր թափանցել իր ունկնդիրին ներաշխարհը: Անմիջական էին իր խօսքերը: Կը հաւատար ան իր ըսածներուն: Երեւոյթ մը, որուն շատ չենք հանդիպիր այս օրերուն, քիչ մը ամէն տեղ:
Այսօր, իր ծննդեան հարիւրամեակին առիթով, տարիներու մշուշին մէջէն կը շողայ դէմքը ուսուցիչ, մանկավարժ, դաստիարակ եւ հանրային գործիչ Մուշեղ Իշխանի, որ ամբողջ կէս դար խնկարկեց հայ գրականութեան, բերելով իր արժէքաւոր նպաստը հայ բանաստեղծութեան, խնկարկեց հայ մանկավարժութեան, բերելով իր կարեւոր ներդրումը հայ սերունդներու ազգային ու մարդկային դաստիարակութեան գործին, խնկարկեց գեղեցիկ ու վսեմ, առողջ ու ազնիւ գաղափարներու խորանին՝ ներշնչելով ու տոգորելով սերունդներու հոգիները նոյն գաղափարներով եւ նոյն իտէալներով:
Յարգանք՝ իր յիշատակին:
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՒ ՍԱԼԲԻ ՀԱՑՊԱՆԵԱՆՆԵՐ