ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մայրաքաղաք Ապու Տապիէն ետք, Հայաստանի անկախութեան 22րդ տարեդարձին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոյ տեղի ունեցած է նաեւ Շարժայի մէջ:
Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փիեռ Քէօսէյեան» սրահին մէջ կայացած հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանած է Տուպայի եւ Հիւսիսային Էմիրութիւններու ազգային իշխանութիւններու ատենապետ Արա Քէօսէյեանը:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանը իր խօսքին մէջ անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը, որ իր խօսքին ընդմէջէն մանրամասն կերպով ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անցած ուղին:
Իր մաղթանքը եւ սրտի խօսքը փոխանցած է կաթողիկոսական փոխանորդ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեանը:
Հանդիսաւոր երեկոյին գեղարուեստական բաժինէն ետք տեղի ունեցած է ընդունելութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.