Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 11րդ եւ 12րդ դասարանի աշակերտներուն համար եղաւ անկիւնադարձային օր մը: Այդ օրը, անոնք հաղորդուեցան Արցախի փառքով, պայծառութեամբ եւ ապրեցան Արցախի ժողովուրդի առօրեայ դժուարութիւններուն հետ:
Արցախի պատերազմի օրերէն անցած են մօտաւոր 20 տարիներ, սակայն հայ ժողովուրդը իր իսկ ազատագրած հողերուն վրայ տակաւին կ՛ապրի իր կեանքին սպառնացող մտահոգութիւններով, իսկ այս անգամ անոր կեանքին սպառնացողը՝ ճանապարհին նետած իր ամէն մէկ քայլափոխն է, որ կրնայ մահացու ըլլալ. պատճառը՝ պատերազմի օրերէն մնացած ցամաքային ականները, հսկայական տարածութիւն ունեցող բաց դաշտերուն մէջ, ուր, այլապէս, հողագործութեամբ զբաղող արցախցին կրնայ ապահով ու հանգիստ կերպով իր ընտանիքին ապրուստը հոգալ:
«Տիգրանեան» սրահը լռութիւն կը տիրէր եւ միակ ձայնը, որ կը լսուէր՝ օրուան դասախօս, The Halo Trust մարդասիրական կազմակերպութեան գործադիր վարիչ Կալա Տանիլովայի ձայնն էր: Ան մաս առ մաս, կը բացատրէր Արցախի ականուած շրջաններուն եւ անոնց հասցուած վնասներուն մասին՝ ցուցադրելով տեսաերիզներ, որոնք հաւաստիքներ էին արցախցիի առօրեայէն: Աշակերտները լսեցին նաեւ ականներուն պատճառով հաշմանդամ դարձած վկաներու պատմութիւնները եւ ականատես եղան անոնց ապրած դժուարութիւններուն:
Հաւաքին բացումը կատարեց վարժարանի փոխտնօրէն Վարդգէս Նալպանտեան: Ան, օրուան նիւթին եւ դասախօսին մասին հակիրճ բացատրութիւն մը տալէ ետք խնդրեց աշակերտներէն, որ ուշադրութեամբ հետեւին դասախօսութեան, որուն աւարտին անոնք առիթ պիտի ունենային իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին: Ապա ան հրաւիրեց The Halo Trust մարդասիրական կազմակերպութեան Ամերիկայի կամաւոր գործօն անդամ Օժէնի Փանոսեան-Սամիսը, որ իր կարգին, հակիրճ բացատրութիւն տուաւ Ամերիկայի մէջ իր տարած կամաւոր գործունէութեան մասին, ապա անդրադարձաւ Արցախի ցամաքային ականները ոչնչացնելու նպատակով նիւթական միջոցներու ապահովման իր աշխատանքներուն, որոնք կ՛իրականանան Սփիւռքի օժանդակութեամբ:
Օժէնի Փանոսեան-Սամիսը նշեց, թէ կազմակերպութեան կամաւորապէս միանալու հրաւէրը բաց է բոլոր անոնց համար, որոնք կ՛ուզեն օժանդակել դրամահաւաքի նախաձեռնութիւններուն, ապա խօսքը փոխանցեց օրուան դասախօսին, որպէսզի աւելի մանրամասնօրէն ներկայացնէ Արցախի մարդկային ճգնաժամերը եւ The Halo Trust կազմակերպութեան տարած աշխատանքը:
Օրուան դասախօս Կալա Տանիլովա խօսեցաւ 1992-94 տարիներուն Արցախի ազատագրական պայքարէն ետք հարիւրաւոր հողատարածքներու վրայ կուտակուած ականներուն մասին, որոնց պատճառով, մինչ օրս, զոհ գացած եւ հաշմանդամ դարձած է աւելի քան 300 քաղաքացի, եւ այդ թիւը կրնայ աւելի բարձրանալ հետագային: Ան նշեց որ, հողատարածքները ունին բերքերով արդիւնաւորուելու հնարաւորութիւն, սակայն այդ մէկը անհնար է, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ Արցախի ժողովուրդին մեծ մասը մնայ աղքատութեան մէջ:
Խօսելով լուծումներու մասին՝ ան ըսաւ որ The Halo Trust մարդասիրական կազմակերպութիւնը Արցախի հողատարածքին մէջ գտնուած ականներու ոչնչացման գործընթացով կը զբաղի 1995 թուականէն ի վեր, եւ շնորհիւ Ամերիկայի, Անգլիոյ եւ Հոլանտայի կառավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ մարդասիրական հիմնարկներու եւ անհատական բարերարներու նիւթական օժանդակութեան, կազմակերպութիւնը մինչ օրս ոչնչացուցած է աւելի քան 60,000 ական եւ կրցած է ականուած հողատարածքին 85 տոկոսը ականազերծել, բայց տակաւին կը մնան շրջաններ, որոնց օգտագործումը բոլորովին անհնար է: Ան աւելցուց, որ ներկայիս The Halo Trust-ը բաժանորդագրուելով USAID-ին եւ The Julia Burke Foundation-ին՝ ականազերծման աշխատանքները պիտի շարունակէ մինչեւ ընդհանուր տարածքներու մաքրագործումը, եւ շեշտեց, թէ այս մաքրագործումը, կեանքեր փրկելով՝ Արցախի բնակիչներուն պիտի վերադարձնէ այդ բոլոր հողատարածքները, զորս վարելով՝ անոնք իրենց ընտանիքներուն պէտքերը հոգալու հնարաւորութիւն պիտի ունենան:
Աշակերտները յատուկ հետաքրքրութեամբ կը հետեւէին բացատրութիւններուն, որովհետեւ 12րդ դասարանի աշակերտները անցեալ տարի արդէն Արցախ այցելած էին, իսկ 11րդ դասարանի աշակերտները՝ պիտի այցելեն յառաջիկայ Մայիսին:
Դասախօսութեան աւարտին աշակերտները առիթ ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու օրուան դասախօսին, ինչպէս նաեւ ոգեւորութեամբ հետաքրքրուելու եւ օժանդակութեան ձեռք մեկնելու նշեալ կազմակերպութեան, ինչ որ հպարտութեան զգացումներով տոգորեց վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.