
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի զինուորական աղբիւրներ կը տեղեկացնեն, թէ Ռուսիա յառաջիկայ տարուան ընթացքին Ատրպէյճանին պիտի յանձնէ «Ուրան Ի.» տիպի հեռահաս հրթիռներու համակարգները:
Ատրպէյճան 75 միլիոն տոլար արժող եւ ծովուժին համար նախատեսուած այս համակարգները ապսպրած էր 2010ին:
Հրթիռները 130-260 քլմ. հասողութիւն ունին: