ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26ին կայանալիք ընթրիքի մը ընթացքին, Հայ իրաւաբանական միութիւնը պիտի մեծարէ Քալիֆորնիոյ Վճռաբեկ ատեանի դատաւոր Չաք Փուչիկեանը՝ լուսարձակի տակ առնելով անոր իրագործումները եւ ամերիկահայութեան մատուցած անոր սպասարկութիւնները:
Ձեռնարկի «կնքահայր»ն է Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի դատաւոր Մարվին Պեքսթըր, որ Փուչիկեանի կողքին Հայ իրաւաբանական միութեան հիմնադիր ու ներկայիս պատուոյ անդամ է ու կը շարունակէ գործնականապէս նեցուկ կանգնիլ անոր գործունէութեան՝ մասնակցելով անոր խորհրդաժողովներուն, աշխատանիստերուն ու այլ ծրագիրներու:
Մեծարման ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահը եւ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 6:30ին, իսկ ընթրիքը պիտի հրամցուի ժամը 7:30էն սկսեալ:
Տոմսերու սակը 50 տոլար է, իսկ ուսանողներու համար՝ 25 տոլար: Տոմսերու կամ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել՝ (559) 824-0955 կամ (818) 645-2811 թիւերուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.