ԹՐԻՓՈԼԻ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Լիբանանի ապահովական աղբիւրներ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25ին հաղորդեցին, թէ վերջին հինգ օրերուն Թրիփոլի քաղաքին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն ընթացքին սպաննուած է առնուազն վեց հոգի, իսկ տասնեակ ուրիշներ վիրաւորուած են:
Տիրող անապահով վիճակին պատճառով, Թրիփոլիի դպրոցներն ու վաճառատուները երկու օրէ ի վեր փակ կը պահեն իրենց դռները:
Լիբանանեան բանակը Թրիփոլիի որոշ շրջաններու մէջ ներխուժումներու դիմեց Ուրբաթ օր, կասկածելիներ ձերբակալելու համար, մինչ որոշ թաղերու մէջ արձակազինութիւնը կը շարունակուէր:
Թրիփոլիի մէջ զինեալ բախումները իրարու դէմ կը հանեն շրջանի ալաուիներն ու սիւննիները, որոնք իրարու դէմ հակադրուած են Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետեւաքով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.