
Սէմ Սիմոնեանը հանրածանօթ դէմք մըն է Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ։ Ան փոխնախագահն է ՀԲԸՄի Կեդրոնական վարչութեան։

Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԲԸՄի տարեկան ճաշկերոյթ-կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուս համար իսկապէս մեծ պատիւ մըն է զինք տեսնել որպէս պատուոյ նախագահ եւ վայելել իր հեզահամբոյր ներկայութիւնը՝ իր ազնուափայլ կնոջ՝ Սիլվայի հետ միատեղ:
Կալայի կազմակերպիչ յանձնախումբին համար մեծ պատիւ մըն է հանրութեան ներկայացնել տէր եւ տիկին Սիմոնեանները, որոնք հիմնադիր անդամներն են հայրենիքի մէջ 2011ին հաստատուած «Թումօ» կեդրոնին, որ կը վայելէ իրենց ընտանիքին նիւթական հովանաւորութիւնը։
«Թումօ» կեդրոնը ցարդ օգտակար հանդիսացած է 12-18 տարեկան՝ 11,000 երկսեռ պատանիներու, որոնք նորագոյն արհեստագիտութեան պատկանող համակարգիչներու վրայ մասնագիտանալով՝ իրենց ներդրումը կը բերեն միջազգային ճանաչում ստացած գիտական նուաճումներու։
Բարերար Սիմոնեան ամոլը իր յաջողութիւնը կը վերագրէ ՀԲԸՄի վարժարաններուն մէջ ստացած ուսումին եւ քաջալերանքին։ «Թումօ»ն իրենց լուման է հայութեան զաւակներուն՝ վերադարձնելով այն, ինչ իրենք ստացան ժամանակին։
ՀԲԸՄի այս տարուան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Պեվըրլի Հիլթըն» նշանաւոր պանդոկի գեղատեսիլ հիւրասրահին մէջ, Շաբաթ, Նոյեմբեր 16ի երեկոյեան, ժամը 6:30էն սկսեալ։ Կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ գլխաւորութեամբ Հերմինէ Ճանոյեանին, ջանք պիտի չխնայէ, որ վերոյիշեալ կալան ունենայ բծա-խնդրութեամբ պատրաստուած եւ ճշգրտութեամբ գործադրուած յայտագիր մը, որ պիտի գոհացնէ ամէն տեսակի ճաշակ։
Արդարեւ, միջազգային ճանաչում ստացած արհեստավարժ արուեստագէտներ հրաւիրուած են խանդավառելու հրաւիրեալները։ Անոնք պիտի ունկնդրեն Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցէն շրջանաւարտ Անի Քրիսթիին, ինչպէս նաեւ հանրածանօթ Յարութ Յակոբեանին։ Երեկոն առաւել եւս պիտի խանդավառէ «DJ Therapist»ը։
Այս տարուան կալան պիտի կեդրոնանայ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայ Շրջանակային յանձնաժողովի նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ անոր ապագայի ծրագիրներուն վրայ։ Հոս պէտք է նշել, որ այդ յանձնաժողովն է, որ կը հսկէ ՀԲԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի բոլոր մասնաճիւղերու ծրագիրներուն։
Այս տարուան կալայի հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի երիտասարդական գործունէութեանց, որովհետեւ մեր գերագոյն նպատակն է քաջալերել նոր սերունդը եւ մեր հարուստ մշակութային ջահը փոխանցել անոնց, որպէսզի շարունակեն հայապահպանման մեր սրբազան պայքարը՝ այս օտար ափերուն վրայ։
Եկէք եւ միասնաբար վայելենք անմոռանալի այդ օրը։
Վերոյիշեալ կալան հովանաւորելու համար հաստատուած են հետեւեալ սակերը.
Բարերար՝ 10,000 տոլար (10 առաջնակարգ տոմս)
Օժանդակ՝ 5000 տոլար (6 տոմս)
Նուիրատու՝ 2500 տոլար (4 տոմս)
Քաջալերող՝ 1000 տոլար (2 տոմս):
Իւրաքանչիւր տոմսի սակն է 250 տոլար:
Քիչ թիւով մնացած տեղերը ապահովելու համար, կը խնդրուի անյապաղ հեռաձայնել գրասենեակ՝ (626) 794-7942 թիւով, կամ Հերմինէ Ճանոյեանին՝ (818) 388-5918 թիւով։
(Թղթակցութիւնը՝ Կազմակերպիչ Յանձնախումբէն)