
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներն ու ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք ներկայիս տարածաշրջան կը գտնուին: Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ին, անոնք հանդիպումներ ունեցան Պաքուի մէջ, եւ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով ըսաւ, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն միջեւ հերթական հանդիպումը կը նախատեսուի իրականացնել մինչեւ տարեվերջ:
Համանախագահը նշեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նման հանդիպում մը իրականացնելու շուրջ իր համաձայնութիւնը տուած է:
«Համանախագահները այսօր կը մեկնին Երեւան: Հոն մենք այդ հարցը պիտի քննարկենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: Ապա պիտի տարածուի պաշտօնական յայտարարութիւն: Մենք յոյս ունինք, որ երկու նախագահներուն հանդիպումը կը կայանայ մինչեւ տարեվերջ», ըսաւ Փոփով:
Իր կարգին, Քասփըրչիք անդրադարձաւ հրադադարի խախտումներուն՝ ըսելով. «Կը ցաւինք, որ հրադադարի մասին համաձայնագիրը երբեմն կը խախտուի, եւ երկու կողմներն ալ կը տեղեկացնեն մեզ այդ մասին»:
Ան յայտարարեց, թէ փոխվստահութեան ուղղուած միջոցառումները բազմիցս օգտակար եղած են՝ մեղմացնելով իրավիճակը եւ նուազեցնելով լարուածութեան մակարդակը: