
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հարաւային Քորէայի Պուսան քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի 10րդ համաժողովի՝ 4 Նոյեմբերի նիստին, համաժողովի պատուիրակներու միաձայն քուէարկութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս ընտրուած է Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի նախագահ: Ան խորհուրդը պիտի գլխաւորէ յառաջիկայ ութ տարիներուն ընթացքին: Խորհուրդի նախագահութիւնը բաղկացած է ութ անդամներէ:
ԵՀԽ նախագահներուն առաքելութիւնն է խրախուսել միջեկեղեցական եւ էքումենիք յարաբերութիւնները, աշխարհի մէջ պաշտպանել մարդու իրաւունքները, արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Մաղթանքս է, որ նման հանգամանք օգտագործուի յանուն հայութեան իրաւունքներուն, ինչպէս՝ Հայկական Ցեղասպանութեան դատապարտումը իրականացնող նախաձեռնութիւններու աշխուժացման, Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի ամրագրման, Ջաւախքի հայութեան ինքնավարութեան հաստատման, իսլամացած հայերու ազատ արտայայտման, թրքահայութեան ընկերային հարցերու լուծման, սուրիահայութեան տագնապի թեթեւացման… Բարին ընդ ձեզ, Վեհափառ Տէր: