
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Եւրոպա-Ատրպէյճան կազմակերպութեան հաւաքին ընթացքին, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5ին կրկնած է, թէ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» են եւ թէ Ատրպէյճան կը հանդիսանայ Թուրքիոյ ամենակարեւոր ներդրողներէն մէկը:
Նախարարը նշած է նաեւ, որ վերջին 10 տարիներուն Ատրպէյճանը «շատ սրընթաց զարգացում ապրած է» ու այսօր ի վիճակի է մրցակցելու աշխարհի առաջատար երկիրներու հետ: «Իսկ Հայաստանի բնակչութիւնը վերջին 10 տարիներուն կրճատուած է 4էն 2 միլիոնի: Տնտեսական խնդիրներու հետեւանքով, մարդիկ կը լքեն այդ երկիրը: Զանգուածային գաղթի հիմնական պատճառը այն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը չի փափաքիր լուծել իր դրացիներուն հետ ունեցած խնդիրները: Ցաւօ՛ք, Ատրպէյճանի տարածքներուն 20 տոկոսը տակաւին կը գտնուի Հայաստանի լուծին տակ, եւ շուրջ 1 միլիոն ատրպէյճանցիներ կը շարունակեն գաղթական վիճակի մէջ մնալ: Հայաստան պէտք է վերջ դնէ իր բռնագրաւման քաղաքականութեան: Թուրքիա ոչ մէկ յարաբերութիւն պիտի հաստատէ անոր հետ, քանի որ Ատրպէյճանի մեր եղբայրներն ու քոյրերը կը տառապին Հայաստանի բռնարարքներէն», եզրակացուցած է ան: