ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Մէկ շաբաթ ետք հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասագիրքերը վերջապէս պիտի հասնին Վրաստանի հայկական դպրոցներու աշակերտներուն: Հայաստանի եւ Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ այս առնչութեամբ երկու ամիս տեւած նամակագրութիւնը աւարտած է արդէն. այս մասին յայտնած է «Հարաւային Դարպաս» պարբերականը:
Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակիցը հաստատած է, որ իրենց կողմէ ամէն ինչ դասաւորուած է, ներկայ հանգրուանին աշխատանք պէտք է տանի Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը: Վերջինս խոստացած է, որ մէկ շաբաթէն 14,700 կտոր գիրք եւ գրականութիւնը, ինչպէս նաեւ դպրոցական գոյքը պիտի հասնին Ջաւախք:
«Առաջընթաց ունենք, երէկ երեկոյեան Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնից ստացել ենք անհրաժեշտ թոյլտուութիւնը ելեկտրոնային նամակի տեսքով: Հիմա մեզանից պահանջւում է բեռնափոխադրող ընկերութեան հետ պայմանագիր կնքել եւ համապատասխան մաքսային ձեւակերպուներ անել: Մօտ մէկ շաբաթից արդէն գրքերը կը հասնեն Ջաւախք», «Հարաւային Դարպաս» պարբերականին յայտնած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան Սփիւռքի բաժինի պետ Նունէ Վարդանեանը:
Յիշեցնենք, որ այս տարի Վրաստանի մէջ վերամուտը սկսած է 16 Սեպտեմբերին, իսկ քանի մը օր առաջ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութենէն «Փանորամա»ին յայտնած էին, որ կը սպասեն Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան պատասխանին, որպէսզի այդ գիրքերը առաքեն Վրաստանի տարածք:f
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.