
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը պէտք չէ կապել Մաքսային միութեան հետ, անոնք տարբեր նիւթեր են:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անդամ, Հայ-ռուսական միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի համանախագահ Նիքոլա Ռիժքովը՝ անդրադառնալով Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի այն յայտարարութեան, որ Հայաստան չի կրնար մաս կազմել Մաքսային միութեան, այնքան ատեն որ չէ լուծած Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «Բոլորս լաւ գիտենք, որ Լուքաշենքօն ինչու ուրիշներուն հարցերուն միջամուխ կ՛ըլլայ, Ղարաբաղեան հարցը այսքան արագ լուծում պիտի չստանայ»: