ԱԹԷՆՔ.- Փլաքայի մէջ շարունակուող Գագիկ Ալթունեանի քանդակներու եւ գեղանկարներու ցուցադրութիւնը կը կրէ «Մոռցուած Յիշատակներ» ընդհանուր խորագիրը: Ներկայացուած գործերը կը շօշափեն ծանօթ արուեստագէտի մտածումները, ներշնչումները եւ իւրայատուկ ոճը, ընդգրկելով գործեր, որոնք կ՛անդրադառնան ընտանիքին, թաղին, գաղթականութեան, արուեստին, մարդկային երազանքներուն, ճամբորդութիւններուն, մայրութեան… Մօտ քսան տարիէ ի վեր, ճակատագիրի բերումով, հայրենի արուեստագէտը կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Աթէնքի մէջ: Ան անդամ է Յունաստանի նկարիչներու միութեան եւ շատ ծանօթ ու գնահատուած անուն՝ յոյն արուեստասէր հասարակութեան մօտ: «Թեխնոխորոս»ի մէջ իր գործերու ցուցադրութեան բացումը կատարուեցաւ Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերի երեկոյեան, յոյն արուեստասէր ժողովուրդի մեծ թիւի մը ներկայութեան: Գագիկ Ալթունեանի մասին խօսեցաւ մեծանուն յոյն արուեստագէտ Մանոս Սթեֆանիտիս, որ անդրադարձաւ Գագիկի հետ իր առաջին հանդիպման՝ 1999ին, Եուկոսլաւիոյ մէջ ՆԱԹՕի ռմբակոծումները նկարագրող գործերու ցուցադրութեան առիթով, ուր մասնակցած էին Պալքաններէն եւ Կովկասէն արուեստագէտներ: Ան մեծապէս գնահատեց Գագիկ Ալթունեանի ներշնչուած ու զգայացունց գործերը, միաժամանակ վեր առնելով յայտնի հայ արուեստագէտի բարոյական արժէքները:
Գագիկ Ալթունեան շուրջ տասնհինգ անհատական ցուցադրութիւններ կազմակերպած է Յունաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ մասնակցած է բազմաթիւ խմբային ցուցահանդէսներու: Իր գործերէն նմուշներ կը գտնուին Յունաստանի եւ արտասահմանի հանրային վայրերու մէջ: Այս օրերուն կը շարունակուի Աթէնքի Հնագիտական թանգարանին մէջ 57 յոյն հռչակաւոր արուեստագէտներու գործերու ցուցահանդէսը, ուր ներառնուած է Գագիկ Ալթունեանի մէկ ստեղծագործութիւնը:
Աքրոփոլիսի շրջանէն ներս գտնուող «Թեխնոխորոս» ցուցասրահին մէջ կը շարունակուի Գագիկ Ալթունեանի ստեղծագործութիւններու ցուցադրութիւնը մինչեւ 16 Նոյեմբեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.