ՏՈՀԱ.- Փեփէ Էսքոպար «Ճազիրա»ի անգլերէն կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուածի մը մէջ կը գրէ, թէ «Դամասկոսի հրաբուխ»ին եւ «Հալէպի ճակատամարտ»ին խորքը համաշխարհային ուժանիւթի հարցով ընթացող ճատրակի խաղն է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ:
Ան կը գրէ, թէ աւելի քան մէկ տարի առաջ Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ միջեւ գոյացաւ 10 միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը՝ մինչեւ 2016 թուական կառուցելու համար բնական կազի խողովակաշար մը, որ Իրանէն կ՛երկարի Իրաք, Սուրիա եւ կը հասնի Լիբանան: Արտածման թիրախ եղող շուկան Եւրոպան է, որովհետեւ այս խողովակաշարը, Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարումը Ռուսիայէն հեռու եւ տարատեսակ դարձնելու նպատակով՝ կենսական պիտի ըլլայ:
Միւս կողմէ, Թուրքիա կ՛երազէ Անատոլուն դարձնել Ռուսիայէն, Կեդրոնական Ասիայէն, Իրաքէն եւ Իրանէն քարիւղի եւ կազի՝ դէպի Եւրոպա ուղղուող խողովակաշարերու խաչմերուկը, ինչ որ Թուրքիան մղած է Սուրիոյ մէջ քաոս հրահրելու: Գլխաւոր հարցը այն է, որ իր ուժանիւթի ռազմավարութիւնը իրականացնելու համար, Թուրքիա Սուրիոյ կարիքն ունի:
Սուրիա քարիւղի հսկայ արտադրութիւն չունի, սակայն մինչեւ քաղաքացիական պատերազմին ծագումը՝ Դամասկոս քարիւղի վաճառքէն կ՛ապահովէր տարեկան 4 միլիառ տոլարի եկամուտ մը, որ պետութեան ամավարկին մէկ երրորդը կը կազմէր: Սակայն, Սուրիան առաւել կարեւոր է իբրեւ ուժանիւթի խաչմերուկ:
Սուրիոյ ուժանիւթի ռազմավարութեան կեդրոնական առանցքը «Չորս ծովեր»ու քաղաքականութիւնն է, որ 2011ի ըմբոստութենէն միայն երկու ամիս առաջ, նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին կողմէ որդեգրուած էր: Անիկա ուժանիւթի ցանց մըն է, որ Միջերկրական, Կասպից, Սեւ ծովն ու Արաբական ծոցը իրարու կը կապէ:
Հարցն այն է, որ Իսլամական կազի խողովակաշար կոչուող վերոյիշեալ Իրան-Իրաք-Սուրիա խողովակաշարը կը շրջանցէ Թուրքիան: Այս իրողութենէն դժգոհ Անգարան, իր գրաւը դրած է յետասատեան սիւննի ղեկավարութեամբ ու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան օրինակով կառավարութեան մը վրայ:
Նաեւ, Սուրիոյ քարիւղի պահեստներուն մեծամասնութիւնը կը գտնուի քիւրտերով բնակուած հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ: Սուրիոյ քիւրտերը երկիրին ընդհանուր բնակչութեան 9 առ հարիւրը (շուրջ 1.6 միլիոն) կը կազմեն: Սուրիացի քիւրտերը խողովակաշարերու այս խաղին մէջ լաւ դիրքի վրայ պիտի ըլլան, որովհետեւ Պաղտատն ու Անգարան շրջանցող եւ դէպի ծով ուղղակի ճամբու մը կարելիութիւնը կ՛ընծայեն: Այս նուրբ կացութեան մէջ դարձեալ դերակատար կը դառնայ Մեծն Քիւրտիստանի երազը, եւ քիւրտերը կրնան պատճառ ունենալ ժպտելու, որովհետեւ կը թուի, թէ Ուաշինկթըն որոշ չափով պատրաստ է աջակցելու անոնց:
Անգարայի տեսանկիւնէն, սակայն, «ոչինչ կրնայ կանգնիլ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ուժանիւթի կամուրջ մը ըլլալու անոր երազին առջեւ», կ՛եզրակացնէ Էսքոպար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.