
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Տեպի Փուչիկեան վերջերս իրեն օգնական նշանակած է Սեւակ Թաթէոսեանը, որ շրջանաւարտ մըն է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղէն եւ որուն երկրորդական մասնագիտութիւնը հայագիտութիւն է: Ան ուսումը շարունակելով ստացած է նաեւ իրաւաբանի վկայական:
Թաթէոսեանէն առաջ, Փուչիկեան Սու Կարապետեանը նշանակած էր իբրեւ օգնական:
Թաթէոսեան Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ աշխատանք տարած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ, ու տարիներով եղած է Ֆրեզնոյի «Հայ Ուժ» ձայնասփիւռի յայտագիրի հաղորդավարը:
Տեպի Փուչիկեան առաջին անգամ 2008ին ընտրուած էր Ֆրեզնօ գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ, իսկ 2012ին՝ վերընտրուած: