
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմին մէջ հակափտածութեան ծրագիրներու դիտարկման բաժանմունք պիտի ստեղծուի: Համապատասխան որոշում տրուած է կառավարութեան 5 Դեկտեմբերին կայացած նիստին ընթացքին: Բաժինի բացման անհրաժեշտութիւնը նախատեսուած է նաեւ Հայաստանի՝ 2009-2012 թուականներու հակափտածութեան ռազմավարութիւններու ծիրին մէջ:
Բաժանմունքը պիտի լծուի կառավարութեան կից փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի աշխատանքները կազմակերպելով, ինչպէս նաեւ պիտի գործէ Հայաստանի փտածութեան դէմ պայքարի ու զայն երկիրէն արմատախիլ ընելու միջազգային պարտականութիւններու գործադրութեան ռազմավարութեան զեկոյցներով:
Վարչապետին կից հակափտածութեան խորհուրդը ստեղծուած է 2004ին եւ, կանոնադրութեան համաձայն, կը մշակէ պետական շրջանակի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի ծրագիր: