Ամերիկահայ Երիտասարդութեան Դիմագրաւած Մարտահրաւէրները
ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէի Հանրային կապի յանձնախումբին, Ուրբաթ 22 Նոյեմբերին, Հիւսիսային Հովիտի հայկական նորակառոյց կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային զրոյց մը, նիւթ ունենալով ամերիկահայ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները:
Յանձնախումբին անունով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Վիլմա Գույումճեան: Ան անդրադարձաւ յանձնախումբի ընդհանուր գործունէութեան, որուն ծիրէն ներս կ՛իյնայ հրապարակային զրոյցներու կազմակերպումը: Ան ընդգծեց թէ այս յանձնախումբի ենթայանձնախումբերէն մէկը ներկայիս լայն գործունէութիւն կը ծաւալէ CSUN համալսարանէն ներս գտնուող հայ երիտասարդաց միութեան հետ: Տրուած ըլլալով որ CSUN համալսարանէն ներս կը գտնուին 3500 հայ ուսանողներ, Գույումճեան ըսաւ, թէ այս գործունէութեան նպատակն է համախմբել եւ սիրաշահիլ այս հայ երիտասարդները անոնց ներգրաւելու համար հայկական գաղութային աշխատանքներէ եւ շրջանակներէ ներս, ինչպէս նաեւ առիթ տալով անոնց, որ արտայայտեն իրենց առջեւ պարզուած դժուրութիւնները եւ ինչու չէ լսենք նոր առաջարկներ: Այս իմաստով ան ըսաւ թէ արդէն աշխատանքները ընթացք առած են եւ կապեր հաստատուած են համալսարանական ակումբներու եւ խմբակներու հետ:
Գույումճեան ապա առիթ տուաւ օրուան առաջին զեկուցաբեր՝ Սիւզի Օհանեանին, որպէսզի փոխանցէ իր խօսքը: Օհանեան երկար տարիներ պաշտօնավարած է Ազգային Շամլեան վարժարանէն ներս իբրեւ անգլերէնի ուսուցչուհի, այժմ ան Ալէք Փիլիպոս դպրոցի նախակրթական բաժանմունքի կրթական եւ ուսումնական հարցերու վարիչ տնօրէնուհին է: Եղած է նաեւ ՀՅԴ պատանեկան շարքերու վարիչ, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր վարիչ մարմնի անդամ:
Օհանեան ըսաւ, թէ իր այս խօսքով կ՛ուզէ բազմաթիւ հարցումներ ուղղել երիտասարդութեան՝ փորձելով հասկնալ անոնց դժուարութիւններն ու խնդիրները: Ան անդրադարձաւ հայոց պատմութեան տարբեր էջերուն, երբ հայ ազգը դիմագրաւած է տարբեր մարտահրաւէրներ եւ դժուարութիւններ, ինչպէս նաեւ պայքարած է տարբեր թշնամիներու դէմ: Այս բոլորը եղած են ազգապահպանումի պայքար: Ներկայիս մեր ժողովուրդը կը դիմագրաւէ տարբեր խնդիր կամ ճակատ մը, որ խոչընդոտներով լեցուն է եւ միաժամանակ յուսալի: Այս ճակատին մենք յաճախ կը մոռնանք անդրադառնալու եւ կամ ընդհանրապէս նկատի չենք առներ: Օհանեան ընդգծեց, թէ այս ճակատը տարբեր է, որովհետեւ հոս արտաքին թշնամի չունինք, ռազմավարութիւնը տարբեր մակարդակի վրայ է, իսկ մարտավարութիւնը՝ շատ ճիւղաւորուած, որովհետեւ պայքարը ներքին շերտերու վրայ է: Հետեւաբար բոլորս պէտք է մտածենք իմաստուն քայլերու ձեռնարկման, որովհետեւ խնդրոյ առարկան հոս երիտասարդութիւնն է եւ ապագայ սերունդը:
Մէջբերելով Նիկոլ Աղբալեանի խօսքերը, Օհանեան ըսաւ, թէ մեր զաւակներուն ամէն բանէ առաջ պէտք է սորվեցնել հայութիւն: Պէտք է փոխանցենք մեր պատանիներուն, աշակերտներուն եւ երիտասարդներուն, թէ մենք բոլորս մասնիկն ենք Հայաստանի ու հայութեան: Հետեւաբար բոլորին ուսերուն վրայ պէտք է դնել ազգային մեծ պարտականութիւն, որ կ՛ենթադրէ մեր պատմութեան, լէզուին եւ ինքնութեան ճանաչումը: Իրականութենէն կարելի չէ այլեւս խուսափիլ. այսօր բոլորս կ՛ընդունինք կամ ընդունած ենք, որ Սփիւռքեան գաղութները կը դիմագրաւեն գոյատեւման բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ արգելքներ: Հայապահպանումը ուրեմն մեծ խնդիրի մը առջեւն է, որուն ազդակներն են օտար ամուսնութիւններ, օտար վարժարան յաճախող հայ աշակերտներու երեւոյթը եւ ազգային արժէքներէ հեռացումը: Հոս է որ բազմաթիւ հարցումներ կը ծագին որոնցմէ շատերու պատասխանը չունինք: 0րինակ՝ ինչու հայ պատանին հայկական դպրոց չի յաճախեր, ինչու հայ երիտասարդը հայերէն թերթ կամ գիրք չի կարդար, կամ արդեօք մենք իբր ծնողք կամ ղեկավարներ թերացած ենք մեր գործին մէջ եւ անշուշտ հարցումներու շարքը երկար է: Այս բոլորով կու գանք վերաքննարկելու հայ ծնողքին, եկեղեցւոյ, ղեկավարութեան եւ դպրոցին դերն ու առաքելութիւնը: Օհանեանի կարծիքով գոյութիւն ունին հայապահպանման երեք կռուաններ հայ երիտասարդութեան առջեւ. տուն, դպրոց եւ հայկական կեանք, որ կը նեռարէ ընկերային շրջանակ, եկեղեցի եւ ակումբ: Մենք, որպէս ծնողք, դաստիարակներ եւ առաջնորդներ, պէտք է սիւները հանդիսանանք այդ կռուաններուն:
Օհանեան կոչ ուղղելով երիտասարդութեան ըսաւ, թէ ժամանակն է, որ «մեծ»երը լսեն եւ հաւատան անոնց: խոչընդոտներ միշտ կան ու պիտի ըլլան, այսուհանդերձ մենք յենած պիտի մնանք մեր ազգային գիտակցութեան, կեանքին եւ արժէքներուն: Օհանեան ըսաւ, թէ ներկայ երիտասարդութեան յանցանքը չէ, այս մարտահրաւէրներուն գոյութիւնը, այլ ժամանակն է որ տարբեր է: Սակայն մասամբ ան պատասխանատու է այս իրականութեան համար: Օհանեան աւարտեց իր խօսքը ըսելով, թէ ժամանակը հասած է որ համախմբենք մեր ուժերը, հաւաքենք մեր երիտասարդութիւնը, որպէսզի կարելի եղածին չափ առաջ տանինք հայապահպանման աշխատանքը ապահովելով ազգին պայծառ ապագան:
Օրուան երկրորդ զրուցաբերն էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի երիտասարդական խորհուրդի ատենապետ եւ երիտասարդական բանակումներու կազմակերպիչ մարմնի անդամ Արամ Գալուստեան: Այս վերջինը իր խօսքով ուզեց ներկայացնել առաջին սերունդը, որ ծնած ու հասակ առած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Գալուստեան իր խօսքով եկաւ անդրադառնալու ամէնօրեայ խնդիրներուն, որոնք կը պարզուին հայ երիտասարդութեան համար: Ան անդրադարձաւ այն երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, որոնք գործօն են այս շրջանին մէջ եւ որոնցմէ կրնանք յիշել Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը իր պատանեկան շարքերով, որոնք գործունէութիւն կը ծաւալեն քաղաքական, ընկերային եւ դաստիարակչական գետնի վրայ եւ ինչպէս նաեւ կը կազմակերպէ բանակումներ, ուր հայ պատանին կամ երիտասարդը ամբողջ շաբաթ մը կրնայ ապրիլ իր հայ ընկերներուն եւ հայ մթնոլորտի մէջ: Այդ կազմակերպութիւններու շարքին նաեւ կայ ՀՄԸՄը, որ կ՛աշխատի աւելի սկաուտական եւ մարզական գետնի վրայ:
Կան նաեւ աշակերտական խմբաւորումներ եւ կազմակերպութիւններ ըլլան անոնք, համալսարական՝ կամ այլ, որոնք ընկերային բնոյթ ունին: Գալուստեան խօսեցաւ նաեւ հայ կրօնական խմբաւորումներու մասին: Այս բոլորը օրինակներ են հայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու, որոնք հայ երիտասարդը առնչակից կը դարձնեն հայկականութեան հետ առնչուող հարցերու: Գալուստեան ըսաւ, որ դժբախտաբար սակայն այս համախմբումները կը ներկայացնեն հայ գաղութին շատ փոքր մասը եւ հետեւաբար հայապահպանման գործը կը ծանրանայ ու կը դժուարանայ: Գալուստեան շեշտեց, որ կայ գործօն մը, որ ինք կը կոչէ the efficiency of activism եւ որ շատ աւելի պէտք է բարձրանայ, տրուած ըլլալով հայութեան պատկերը Քալիֆորնիոյ մէջ: Անդրադառնալով կրթութեան կամ ուսման հարցերու, Գալուստեան ըսաւ, թէ ներկայիս ուսում ամբարելը ինքնին բարդացած է, տրուած ըլլալով համալսարանական թոշակի բարձր գիները եւ ընդունուելու սահմանափակ տեղերը: Այս բոլորով կու գանք նորէն հարց տալու, թէ ինչ է տարբերութիւնը այն հայ երիտասարդներուն, որոնք հայկական վարժարաններ կը յաճախեն եւ անոնց, որոնք օտար դպրոցներ կը յաճախեն: Այս իմաստով կայ նաեւ ուրիշ հարց մը. հայերէն լեզուի գործածութեան նահանջը հայ երիտասարդներուն մօտ: Շատեր կը հաւատան, որ այս նահանջը պատճառ պիտի ըլլայ լեզուի մոռացութան: Ըստ Գալուստեանի, ասիկա ինքնին խնդիր է, որովհետեւ յստակ է, որ առանց հզօր լեզուի կարելի չէ ունենալ հզօր մշակոյթ եւ ինքնութիւն: Այն երիտասարդները, որոնք հայկական վարժարաններ կը յաճախեն, կը ներկայացնեն գաղութի երիտասարդութեան չնչին տոկոսը: Հետեւաբար առիթներ պէտք է ստեղծենք, որպէսզի մեր երիտասարդութիւնը կարենայ հայերէն սորվիլ եւ գործածել լեզուն: Այս իմաստով Գալուստեան կեդրոնացաւ ծնողքի դաստիարակչական դերին վրայ, շեշտելով, թէ հայեցի դաստիարակութիւնը նախ կը սկսի տունէն եւ ծնողքէն:
Աւարտելով իր խօսքը, Գալուստեան անդրադարձաւ արհեստագիտութեան նուաճումներուն, ըսելով, թէ պէտք է հասկնանք, թէ մեր զաւակները ինչ միջավայրի մէջ է որ կը մեծնան: Այս բոլորը շատ դիւրութիւններ կրնան տալ մեր երիտասարդութեան, սակայն կը պատճառեն նաեւ վնասներ, տրուած ըլլալով, որ այն նիւթերը, որոնց մասին մեր երիտասարդութիւնը պէտք է գիտնայ, շատ դիրութեամբ կ՛անցնի անոնց ձեռքը եւ այսպիսով պրպտելու եւ հետազօտելու բնազդը կը նահանջէ: Կրնայ այս երեւոյթը դրական թուիլ, սակայն ծնողները պէտք է հասկնան թէ արհեստագիտութիւնը այն գործիքն է, որ մատչելի պիտի դարձնէ հայեցի դաստիարակութիւնը հայ երիտասարդներուն մօտ:
Զրոյցի աւարտէն ետք ներկաներուն առիթ տրուեցաւ, որպէսզի արտայայտեն իրենց կարծիքը այս նիւթին կամ ընդհանուր հարցերու շուրջ, ինչպէս նաեւ հարցումներ ուղղեն զեկուցաբերներուն:
ՍՓՅՈՒՌՔՈՒՄ ՀԱՅ ՄՆԱԼՈՒ ՆՊԱՏԱԿԸ Ի՞ՆՉ Է, ԵԹԵ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼԸ ՉԷ: Ի՞ՆՉՈՒ ԵՆՔ ՍՓՅՈՒՌՔ, ԵՐԲ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ՈՒՆԵՆՔ: ՄԻՆՉԵՎ Ե՞ՐԲ ԽԱՂԱՂ ԺԱՄԱՆԱԿ ՊԱՅՔԱՐԵՆՔ ՁՈՒԼՄԱՆ ԴԵՄ ԵՎ ԴԱՆԴԱՂ ՄԵՌՆԵՆՔ: ԻՍԿ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐԻ ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՏԱՐԻ ՀԱՄԱՐ ԵՎ ԻՐ ՀՈՂԻ ՀԱՄԱՐ ՄԵՌՆԵՆՔ:
ՍՓՅՈՒՌՔԱՀԱՅԸ ՊԻՏԻ ՀԱՎԱՏԱ, ՀԱՄՈԶՎԻ, ՈՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ԳՈՅԱՏԵՎՄԱՆ, ՖԻԶԻԿԱԿԱՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹՅՈՒՆՆ Է, ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐԻ ԳՈՅԱՏԵՎՄԱՆ Ե՛Վ ՍԿԻԶԲՆ Է, Ե՛Վ ՀԱՎԵՐԺԱԿԱՆ ԳՐԱՎԱԿԱՆԸ: