ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Խառն ժողովը կը յայտարարեն, թէ Արսէն քհնյ. Գասապեան նշանակուած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ։
Առաջնորդը Ուրբաթ, Նոյեմբեր 22ին այցելեց Լաս Վեկաս, ծխական համայնքին ներկայացնելու համար Արսէն քահանան։ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն մասնակցեցան Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեան եւ Արսէն քհնյ. Գասապեան, ծխական յանձնախումբի անդամներ ու ծխականներ։
Արարողութեան աւարտին խօսք առնելով՝ առաջնորդը խօսեցաւ նոր հոգեւոր հովիւի ծառայական վաստակին մասին՝ մաղթելով, որ ան կարեւոր ներդրում ունենայ վերածաղկող այս համայնքի կեանքին մէջ, եւ նախկին հոգեւոր հովիւին, ծխական յանձնախումբին ու շրջանի հայկական միութեանց հետ գործակցաբար՝ ծխական շրջանը հասցնէ նոր նուաճումներու։ Ան նաեւ բարեմաղթութիւններ կատարեց Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի, որ շուրջ չորս տարիէ ի վեր կը ծառայէ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին։
Ծխական յանձնախումբն ու Տիկնանց միութիւնը հիւրասիրութիւն մը պատրաստած էին ի պատիւ սրբազանին եւ ողջունելու համար նոր հոգեւոր հովիւը։ Ընթացքին խօսք առին Ծխական յանձնախումի անդամներէն Ատրուշան Արմէնեան եւ տիկնանց միութեան ատենապետուհի Լիլա Տարաքճեան։ Իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց նաեւ առաջնորդը:
Խօսք առին նաեւ երկու հոգեւոր հովիւները: Արսէն քահանայ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած այս առիթին համար եւ խոստացաւ լաւագոյնս ծառայել եկեղեցւոյ ու անոր ծխական համայնքին, իսկ Աւետիս Ա. քահանան ողջունեց Արսէն քահանան, բարի երթ մաղթեց անոր առաքելութեան եւ պատրաստակամութիւն յայտեց աջակցելու անոր աշխատանքներուն։
Արսէն քահանայ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Նոյեմբեր 24ի առաւօտուն մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը եւ փոխանցեց օրուան հոգեւոր խօսքը։ Հաւատացեալները արարողութեան աւարտին Ս. հաղորդութիւն ստացան տէր հօր ձեռամբ։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ նոր հոգեւոր հովիւը ծնած է Պէյրութ. նախնական ուսումը ստացած է Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն»ին մէջ։ 1982ին, իբրեւ սան ընդունուած է Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, որուն ընծայարանի բաժինը աւարտած է 1989ին։ 1998ին միացած է քահանայից դասարանին ու տարի մը ետք՝ 1999ի Հոկտեմբերին, ամուսնացեալ քահանայ ձեռնադրուած է ձեռամբ հոգելոյս Զարեհ արք. Ազնաւորեանի։
Ծառայութեան առաջին վայրը եղած է Պէյրութ, ուր պաշտօնավարած է Ազգ. առաջնորդարանին մէջ։ 2001էն 2006, ծառայած է Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմէն ներս, յաջորդաբար՝ Ալպընի (Նիւ Եորք) եւ Ռէյսին (Ուիսքանսըն)։ 2006ին վերադարձած է Լիբանան, ուր ծառայած է Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ։ Ամուսնացած է Ճեմիլէ Շահինի հետ, ունին երեք զաւակներ՝ Րաֆֆի, Վիգէն եւ Սեւակ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.