ԵՐԵՒԱՆ.– 12 Դեկտեմբերի կառավարութիւն նիստին որոշում տրուած է պարտադիր զինուորական ծառայութենէ զերծ կացուցել դաշնակահար եւ երգահան Տիգրան Համասեանը (մնայուն բնակութիւն՝ Միացեալ Նահանգներ):
Հայաստանի կառավարութեան որոշումով նշանաւոր դաշնակահարին 2011ին պարտադիր զինուորական ծառայութեան զօրակոչէն տրամադրուած էր յետաձգում՝ մինչեւ 2013 թուականի աշնանային զօրակոչը:
«Տիգրան Համասեանին պարտադիր զինուորական ծառայութիւնից ազատումը հնարաւորութիւն կը տայ շարունակել ծաւալած մշակութային գործունէութիւնը, էլ աւելի կատարելագործել ձեռք բերած մասնագիտական հմտութիւնները եւ ներկայացնել հայկական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը Հայաստանում եւ աշխարհում», նշուած է այս գծով մշակոյթի նախարարին հիմնաւորումին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.