
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հայագիտական ծրագիրի պաշտօնաթերթը ու միաժամանակ համալսարանի պաշտօնաթերթին յաւելուածը հանդիսացող «Հայ Շարժում» պարբերաթերթը յառաջիկայ տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 35րդ տարեդարձը: Թերթին առաջին թիւը լոյս տեսած էր Ապրիլ 18, 1979ին ու անոր մղիչ ուժն էր այդ օրերու հայագիտական ծրագիրի վարիչ Տիգրան Գույումճեանը: