ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Քանի մը օրէն Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին մեր յղումները պիտի սկսին «գալ տարի» բառերով: Արդէ՞ն:
Այո՛, արդէն գալիք տարին հարիւրերորդ տարեդարձը պիտի ըլլայ Մեծ Եղեռնին, որուն ըստ արժանւոյն պատրաստուելու հեւքը չ՛երեւիր մեր ազգային իրականութեան մէջ:
Ազգային բարձրագոյն ամպիոններէն յայտարարուած է, որ այդ տարին անկիւնադարձային պէտք է ըլլայ բոլոր առումներով՝ պահանջատիրական մեր պայքարը որակապէս փոխելով, մեր Դատը միջազգային իրաւական ատեաններու ներկայացնելու նախաձեռնութիւններով:
Բաւարար ժամանակ մնա՞ց որակական ոստումի նախնական քայլերուն համար: Ահազանգ հնչեցնելով կրնա՞նք կորսուած (մեր գնահատումով՝ անկախութենէն ետք արդէն իսկ պէտք էր պահանջատիրական պայքարը զգալիօրէն նոր տարողութեամբ, նոր ուժականութեամբ, մասնագիտական նոր չափանիշներով յառաջ տարուէր) ժամանակը վերականգնել:
Այո՛, կրնանք՝ եթէ ցուցաբերենք անհրաժեշտ կամքն ու վճռականութիւնը, եթէ իւրաքանչիւրս դառնայ պայքարի լծակներէն մէկը եւ չբաւարարուի պարբերաբար ահազանգ հնչեցնելով:
Ամէնէն մեծ մարտահրաւէրը պիտի ըլլայ համազգային շարժումի այնպիսի մթնոլորտի մը ստեղծումը, որ պիտի կարենայ մեզ այնքա՛ն լարել, որ պահանջատիրական պայքարի անհրաժեշտ ուժականութիւնը ապահովելու առընթեր՝ զուգահեռաբար Հայաստան պետութեան հզօրացման կռուանները ամրացնենք, որովհետեւ առանց հզօր Հայաստան ունենալու՝ անհեթեթ է այլ երազներու իրականացման յոյսեր սնուցելը:
Մեր յաջորդ հանդիպումին, արդէն իսկ «գալ տարին» ի զօրու պիտի ըլլայ…