ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Հայ Դատի գործիչներու աչքերուն մէջ այդ անսպառ եռանդն է, զոր կը տեսնենք: Յոգնածութիւնը խորթ է իրենց, ու նպատակի իրականացման համար պահանջուած ահռելի ծաւալով աշխատանքը փոխանակ ընկրկում ու տատամսում պատճառելու՝ կարծէք յաւելեալ ոգեւորութեան աղբիւրի վերածուած է իրենց կողմէ:
Իւրայատուկ է այս գործիչներուն վիճակը: Արդարեւ, զիրենք խանդավառող չկայ. իրե՛նք են, որոնք իրենց աշխատանքին շուրջ խանդավառութիւն պէտք է ստեղծեն, իրենք զիրենք պէտք է ոգեւորեն, որպէսզի կարենան լաւատեսութիւն ներշնչել իրենց շրջապատին, որպէսզի կարենան զօրակցութիւն ապահովել իրենց պայքարին, որ ազգային պայքար է:
Ամէնէն կարեւորը՝ այս գործիչներու ուսերուն է անբարենպաստ պայմաններու մէջ իսկ անկարելին կարելի դարձնելու հաւատքը իրենց չորսդին սերմանելու պատասխանատուութիւնը:
Այս գաղափարի մարտիկներու բանակը (եթէ նոյնիսկ իրենց համրանքը բանակ կազմելու համար բաւարար չէ, անոնք իրենց լայնածաւալ գործունէութեամբ ստուարաթիւ զօրախումբի տպաւորութիւնը կը թողուն), իր շարքերը համալրելու համար, միայն կամաւոր զինակիցներ գտնելու յոյսին կառչած է. այս նիւթապաշտ աշխարհին մէջ իտէալներով ապրող, անոնց պարգեւած ոգիով սնուցուող մարդիկ կը փնտռէ ու մի՛շտ ալ կը գտնէ. նորերը կու գան ու դրօշարշաւը կը շարունակուի, անընդմէջ, մշտանորո՛գ աւիւնով:
Նոր Տարուան առաջին օրերուն, ահա՛ այս գործիչներու եռանդին կը դիմենք մենք ալ՝ վարակուելու անոնց տեսիլքի պայծառութեամբ, ամրանալու անոնց համոզումներու ուժգնութեամբ:
Մեր ընթերցողներուն հետ այս նոր տարուան առաջին հանդիպումին, Հայ Դատի գործիչներու նուիրումին մեր երախտիքն է, զոր կ՛ուզենք արտայայտել՝ վստահ ըլլալով, որ դո՛ւք ալ կը կիսէք այդ զգացումը մեզի հետ: