«Akhaltskha.Net».– Վրաստանի ՀՕՄի անդամները Ամանորի ծրագիր իրականացնելու միտումով 15 Յունուարին այցելեցին Նինոծմինտայի շրջանային հիւանդանոցի ծննդատուն, ուր շնորհաւորեցին նորածիններուն մայրերը՝ Ամանորի առիթով:
Ծննդատան մէջ ՀՕՄականները մայր դարձած կիներուն եւ անոնց նորածին երեխաներուն բաժնեցին նուէրներ:
ՎՀՕՄի կազմակերպած յաջորդ ծրագիրը Նինոծմինտայի մէջ ծնողազուրկ երեխաներուն համար էր, եւ անիկա տեղի ունեցաւ Նինոծմինտայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Հակառակ եղանակային վատ պայմաններուն, եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուեցան երեխաներ տարբեր գիւղերէ: Մանուկներուն Ամանորը շնորհաւորելէ ետք ՀՕՄականները անոնց յանձնեցին տօնական նուէրներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.