
Պէյրութի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճի 50ամեակի պատրաստութիւններու ծիրէն ներս, անցնող շաբաթներուն տեղի ունեցան նախկին Սոֆիա Յակոբեանականներու երեք հանդիպումներ, որոնք յաջորդաբար համախմբեցին 1968-1985, 1986-2000 եւ 2001-2013 տարիներու 150 շրջանաւարտներ:
Հանդիպումներուն ընթացքին տեսերիզով ցուցադրուեցան 50ամեակի առիթով քոլեճին վաստակաւոր ուսուցիչներուն սրտի խօսքերը՝ ուղղուած իրենց երբեմնի աշակերտներուն: Իր կարգին, տնօրէնութիւնը շրջանաւարտներուն փոխանցեց 50ամեակի ծրագիրները (յուշամատեանի եւ տեսերիզներու պատրաստութիւն, գեղարուեստական երեկոյ, յոբելենական ճաշկերոյթ): Նշուեցաւ, որ յաջորդ հանդիպումը ուսուցչաց օրուան առիթով, 6 Մարտին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան» սրահին մէջ պիտի համախմբէ քոլեճի բոլոր շրջանաւարտները եւ անցեալի ուսուցիչները յիշատակելի հանդիպումի մը ընթացքին:
Հանդիպումներու աւարտին, հիւրասիրութեան սեղաններու շուրջ բոլորուած, ներկայ շրջանաւարտները աշակերտական օրերու տպաւորութիւններ փոխանցեցին եւ անցեալի քաղցր յիշատակներ վկայակոչեցին:
Յայտնենք, որ 50ամեակի տօնակատարութիւնները կը վայելեն բարձր հովանաւորութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Տօնակատարութիւններու կազմակերպման համար արդէն իսկ ընթացքի մէջ է կազմութիւնը յոբելենական պատուոյ մարմինի մը, որուն մաս պիտի կազմեն քոլեճի առաջին սերունդի շրջանաւարտներէն, Մ. Նահանգներ հաստատուած հանրածանօթ ազգայիններ: Նաեւ պատրաստութեան մէջ է 50ամեակի տեսաերիզը, որուն իրենց վկայութիւնները փոխանցած են Մ. Նահանգներէն եւ Քանատայէն քոլեճի նախկին ուսուցիչներ եւ շրջանաւարտներ: