
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս-Արցախփրէս».– Ստեփանակերտի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի փոքր դահլիճին մէջ՝ «Մուրացան»ի անուան քաղաքային գրադարանին նախաձեռնութեամբ, կայացած է հայ մեծանուն բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի 90ամեակին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանած է քաղաքային գրադարանի տնօրէն Մարիա Խաչատրեանը, որ ներկայացուցած է մեծ բանաստեղծին ստեղծագործական գործունէութիւնը եւ կենսագրական ուշագրաւ դրուագները՝ հաստատելով, որ անոր ձգած ժառանգը անմնացորդ նուիրում էր հայրենիքին, ժողովուրդին եւ մարդուն: «Պարոյր Սեւակը, դեռ կենդանութեան օրօք, վաստակել էր ժողովրդի սէրն ու յարգանքը: Նրա հայրենասիրական ստեղծագործութիւնները խտացնում էին հայոց անցեալը, ներկան եւ ապագայի նկատմամբ բանաստեղծի մտահոգութիւններն ու լաւատեսութիւնը: Եւ մինչ Սեւակն իր ստեղծագործական հնարաւորութիւնների վերելքն էր ապրում՝ նոր մտայղացումներով ու ծրագրերով, 1971թ. Յունիսի 17ին զոհուեց ողբերգական աւտովթարի հետեւանքով», ըսած է Մարիա Խաչատրեան:
Գրական ձեռնարկին մասնակից աշակերտները ասմունքած են մեծ բանաստեղծին ստեղծագործութիւններէն: Ցուցադրուած է նաեւ տեսերիզ մը՝ Սեւակի կեանքին եւ գործունէութեան մասին: