
ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Իտալիոյ նախագահին հրաւէրով Իտալիա այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին Երկուշաբթի, Փետրուար 3ին խօսած է նաեւ Հայկական Հարցին մասին: Կիւլի համաձայն՝ Թուրքիոյ մէջ «արդէն յաղթահարուած են» Հայկական Հարցի քննարկման կապակցութամբ անցեալի թապուները եւ ամէն ինչ «ազատօրէն կը քննարկուի»:
Ըստ թրքական «Քաֆէսիյասեթ» լրատուական կայքին՝ Թուրքիոյ նախագահը ըսած է. «2014-2015 թուականները մեզի համար կարեւոր տարիներ են: Թուրքիան միջազգային հարթակներու վրայ շարք մը դժուարութիւններու պիտի բախի: Ասկէ 3-4 տարի առաջ մենք կը կարծէինք, որ իբրեւ շատ բարեկամներ ունեցող երկիր՝ դիւրութեամբ պիտի յաղթահարենք այդ դժուարութիւնները: Սակայն աշխարհի ու մեր իրականութիւնները փոխուած են, եւ մինչ մենք զբաղած էինք ներքին հարցերով, արտաքին դաշտի խնդիրները շատցան: Մեր կառավարութիւնը դեռ քանի մը տարի առաջ տարաբնոյթ աշխատանքներու սկսած էր: Այս պահուն, սակայն, կարեւոր է որ բազմապատկնենք մեր ջանքերը՝ բոլորին Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան կարեւորութիւնը ցոյց տալու ուղղութեամբ: Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարցի քննարկման դիմաց արգելքներ չկան այլեւս: Այն տարիներու ցաւալի իրադարձութիւնները այդ հողերուն վրայ տեղի ունեցած են: Անոնք ընդհանուր ցաւեր են: Պէտք է կարենանք այս մէկը ըսել: Սակայն այլ դժբախտութիւններ ալ տեղի ունեցած են, եւ ճիշդ չէ անոնցմէ որեւէ մէկը միւսէն առաջ դասել: Այս հարցով լուռ դիւանագիտութիւն հարկաւոր է»: