ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունուար 23ին տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին, «Կլենտէյլ Մեմորիըլ» հիւանդանոցի ու առողջապահութեան կեդրոնի սեփականատէր «Տիկնիթի Հելթ» ընկերութեան անունով 114,000 տոլարի նուիրատուութիւններ կատարուեցան համայնքէն ներս զանազան սպասարկութիւններ տրամադրող կազմակերպութեանց ու մարմիններու:
Նուիրատուութիւն ստացողներն էին՝ «Ասենսիա»ն, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովը, Հոգատար բնակարանային ընկերութիւնը, Թերաճներու Կլենտէյլի միութիւնը, Կլենտէյլի առողջապահական ձրի դարմանատունը, Կլենտէյլի առողջ երեխաները եւ Կլենտէյլի Երիտասարդ քրիստոնեայ կանանց միութիւնը:
Ներկաներուն մէջ կային «Ֆիլանթրոֆի»ի փոխտնօրէն Ուէյն Հերոն, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի ատենապետուհի Տենիս Միլըր, հիւանդանոցի հոգեւոր սպասարկու պատ. Քէյսի ՄըքՔարթի, Կլենտէյլ քաղաքի Կանանց իրավիճակի յանձնաժողովի անդամներ Սեդա Խոճայեան, Շերըն Ուայզմեն եւ Փօլա Տիվայն, Կլենտէյլի քաղաքապետութեան անձնակազմի անդամ Թերեզա Ալեքսանեան եւ «Կլենտէյլ Մեմորիըլ» հիւանդանոցի համայնքային յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Մերի Ֆիլիփեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.