ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտօնական Պաքուն խուսափողական մեկնաբանութիւն տուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի կողմէ՝ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ կատարուած այն արտայայտութեան, թէ անհրաժեշտ է վերականգնել հակամարտութեան կարգաւորման լիարժէք ձեւաչափը:
Արդարեւ, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Էլման Ապտուլլաեւ, այս առնչութեամբ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան կատարած հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով. «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գծով բանակցային գործընթացը կը կատարուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի շրջանակէն ներս, պաշտօնական Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ նման լիարժէք բանակցութիւններ կը կատարուին, նպատակուղղուած՝ տագնապի կարգաւորման եւ համապարփակ խաղաղ պայմանագիրի ստորագրման»:
Նշենք, որ Փետրուար 13ին, Ուորլիք յայտնած էր. «Յոյն եւ թուրք կիպրացիները յայտարարած են, որ սկսած են հիմնախնդիրի երկարաժամկէտ կարգաւորման բանակցութիւններուն: Ինչո՞ւ նոյնը չի կրնար ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի պարագային»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Any Conferance any Agreements or any determinations without paticipation of karabakh Republic definitly will be waste of time.