ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Կիրակի, Փետրուար 9ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային կեդրոնին մէջ, ներկայութեան խուռներամ հայրենակիցներու, յոբելենական փառաւոր հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Վարդգէս Գուրուեանի կրթական, մշակութային, միութենական, եկեղեցական եւ համայնքային սպասարկութեանց յիսնամեակը՝ հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ նախագահութեամբ տոքթ. Ալպէր Գարամանուկեանի:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ԹՄՄ Արշակ Տիգրանեան վարժարանի ծնողաուսուցչական միութեան նախկին ատենապետներու, շրջանաւարտներու եւ ծնողներու կողմէ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.