ԵՐԵՒԱՆ.– «Հարսնաքար»ի գործով տուժողներու ներկայացուցիչ, փաստաբան Տիգրան Եգորեան 20 Փետրուարին Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ միջնորդութիւն ներկայացուցած է՝ պահանջելով պատճառուած վնասի փոխհատուցման գումարը՝ 297 միլիոն 51 հազար 33 դրամ: Ասիկա «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրին մէջ ծեծի պատճառով մահացած ռազմական բժիշկ Վահէ Աւետեանի կնոջ փափաքն է:
Տիգրան Եգորեան միջնորդութիւն ներկայացուցած է նաեւ արգելականութիւն դնել 6 ամբաստանեալների գոյքի եւ դրամական միջոցներուն վրայ, արգելականութիւն կիրարկել նաեւ «Հարսնաքար»ի սեփականատէր Ռուբէն Հայրապետեանի գոյքին եւ դրամական միջոցներուն վրայ:
Տիգրան Եգորեան «Ա1+»ին յայտնած է, որ դատաւոր Դաւիթ Յարութիւնեան չէ անդրադարձած միջնորդութեան, եւ դատական նիստը յետաձգուած է:
Դատական յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ 2 Մարտին՝ ժամը 14:00ին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.