
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցին Փետրուար 27ին նշեց Ս. Վարդանանց տօնը: Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցուած է Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեանի հանդիսապետութեամբ, որմէ ետք սրբազանը մասնակցած է Եռաբլուրի Ս. Վարդանանց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ այս առիթով կատարուած նախաձեռնութեան։ Կատարուած է հոգեհանգիստի կարգ՝ ի յիշատակ յանուն հայրենիքի զոհուած զինուորներուն: Ապա եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցած է ոգեկոչման համերգ:
Երեկոյեան Զօրաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Զօրաւոր» երիտասարդաց միութեան ու Երեւանի Ք. Քուշնարեանի անուան արուեստի դպրոցի սաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցած է համերգ՝ նուիրուած Ս. Վարդանանց տօնին: